- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Քիչ թէ շատ տասը տարեկանի չափ բան մը պէտք էր ըլլայի, եւ արդէն նախակրթարանին կէսը անց, երբ, չեմ գիտեր այլեւս ո՞ր տարուայ Սեպտեմբերի վերամուտին, մեր դպրոցի տնօրէնը մեզի ներկայացուց մեր հայերէնի նոր ուսուցիչը:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
1908, Պոլիս։ Ստուգաբանութիւնը «Օթէլ Պրիսթոլ»ի ընդունարանին մէջ թէյ կը խմէ պանդոկին ճարտարապետ Պարոն Աքիլլէս Մանուսսոյին հետ։
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Երկու հարիւր հազար քառակուսի մեթր տարածութիւն մը, որուն մէջ տեղ գրաւած են շուրջ հազար սենեակներ եւ ենթաբաժանումներ, նաեւ համակարգչային արդի միջոցներով կատարելագործուած փապուղիի դրութիւն մը: Աւելի քան 350 միլիոն տոլար արժած, այս շքեղ համալիրին՝ ամրոցին վարձակալն է Թուրքիոյ նախագահ Ռէճեպ Թայիպ Էրտողան:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Յունաստան-Ատրպէյճան գործարար կապերու ամրապնդումը, վերջին երեք տարիներուն ընթացքին, արտօնեց որ Յունաստանի մէջ ազերիական լոպիստական աշխատանքը մակարդակ բարձրանայ:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
«Ազերնիուզ»-ի հրապարակած լուրը (տես՝ «Ազատ Օր»ի Երկուշաբթի 10 Նոյեմբերի թիւը), որուն համաձայն, Ատրպէյճանի իշխանութեանց նախաձեռնութեամբ, ատրպէյճանական սփիւռքը համակարգող կեդրոններ պիտի բացուին աշխարհի տարածքին, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ուքրանիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ, հաւանաբար հիմնական նորութիւն չփոխանցէ: