Յունաստան-Ատրպէյճան գործարար կապերու ամրապնդումը, վերջին երեք տարիներուն ընթացքին, արտօնեց որ Յունաստանի մէջ ազերիական լոպիստական աշխատանքը մակարդակ բարձրանայ:

«Մշակոյթ»ին ծառայելու պիտակին տակ, Ատրպէյճանի դեսպանութեան հովանաւորութեամբ եւ առատաձեռն ֆինանսաւորումով ձեռնարկներ կազմակերպուեցան: Աւելին: Բարեգործութեան պիտակին տակ ձեռնարկներ կազմակերպուեցան Աթէնքի համերգասրահի, հնամեայ եզակի թատրոն «Իրոտիօ»ի մէջ, իր աչքերը փակող հանդիսատեսներու մեծ թիւի ներկայութեամբ, որ կÿընտրեն չտեսնել ու չլսել՝ Ատրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգի մասին, կ'ընտրեն աչք-բերան-ականջ փակել՝ ի տես երկրի մը քայքայուած տնտեսութեան ու ընկերութեան մէջ բարեկեցիկ ապագայ խոստացող, բայց այնքան խախուտ՝ պետական քաղաքականութեան: Լրագրողներու բազմամարդ բանակներ, մամլոյ ակումբներ, բոլորը պատրաստակամ գտնուեցան իրենց ծառայութիւնները ի սպաս դնելու Ատրպէյճանի եւ Ալիեւեան մեծագումար նուէրներուն: Նոյն պահուն, Ատրպէյճանի մէջ մարդոց իրաւունքներու բռնաբարման դէպքերը բազմապատկուած են 2014ին ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ զինեալ յարձակումները լուրջ անկայունութեամբ կը սպառնան ամբողջ տարածաշրջանը: Դեռ երէկ, ակա-նատեսները դարձանք հայկական ուղղաթիռի դէմ ազերիական յարձակումին, որ անգամ մը եւս բացայայտօրէն ցոյց տուաւ ազերիական անհեռատես ռազմասիրութիւնը:

Բայց ո՞վ պիտի զբաղի այս հարցերով, երբ Պաքուն ուղղակիօրէն կը կաշառէ եւրոպական դիրքերու վրայ գործող պատգամաւորներ, իր ընելիքը շատ լաւ գիտնալով: Միջազգային մամուլին մէջ բազմաթիւ անգամներ հրապարակումներ եղած են Պաքուի քաղաքականութեան մասին, որ դիւանագէտներ, վերլուծաբաններ, պատգամաւորներ, երեսփոխաններ, քաղաքագէտներ, լրագրողներ, նոյնիսկ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մէջ ծառայող ոչ առաջնակարգ պաշտօնեաներ կը կաշառէ նաֆթային իր տոլարներով եւ Կասպից ծովու շուրջ ամառնային բնակարաններ եւ արձակուրդներու շռայլ օրեր տրամադրելով:
Յունական ՏԵՍՖԱ ընկերութեան եւ ատրպէյճանական ՍՈՔԱՐի միջեւ համաձայնագրի «սառեցման» առիթով ազերի ղեկավար Ռովնակ Ապտուլայեւի սպառնական ու միաժամանակ արհամարհական խօսքերը, առիթ մը թող ըլլան Յունաստանի պետութեան համար, վերաքննելու իր որդեգրած անսկզբունքային դիրքորոշումը, որ նման երեւոյթներ թոյլատրեց՝ Յունաստանի յառաջդիմական եւ խորապէս ժողովրդավար ընկերութեան մէջ:

Հ.