Խորովածային կերուխումի ու զուարճութեան փիք-նիք Զուարթնոցի հնագիտական հեղինակաւոր սրբավայրին մէջ, այս ամառ: 

Հայաստանի պետական, կառավարական, դատական, համալսարանական, հաղորդակցական ու ժողովրային շրջանակներու օրուայ նիւթ, հարցին պարտադրած բարոյական բնոյթի ճկունութեամբ, կամ արեւելումի զանազանութեամբ:

Անձնական հետաքրքրական վկայութիւն մը յոյն գրագէտ, լրագրող եւ հրապարակագիր Վասիլիս Վասիլիքոսի եւ հայութեան հետ իր սերտ յարաբերութեանց ու կապերու մասին: Վասիլիս Վասիլիքոսի փայլուն անձնաւորութիւնը համաշխարհային համբաւի տիրացաւ, երբ առաջին հերթին ժապաւէնի վերածուեցաւ Յունաստանի խունթայի օրերուն վերաբերող «Z» գիրքը, որ այդ ժամանակ ջղագրգռութիւն առաջացուց յոյն գնդապետներու կառավարութեան հանդէպ։

Ժամանակին հայ մը հայու մը հետ կը հանդիպէր, վայրկեանաբար իրար հետ կը ծանօթանային եւ սրտակցական կապ մը, բարեկամութիւն մը կը ստեղծուէր իրարու միջեւ: Յիշեցէք Ուիլիամ Սարոյեանի խորիմաստ գրութիւնը թարգմանուած Սիմոն Վրացեանի կողմէ:

Պոլսոյ Պալատ թաղամասի մէջ Բրաբիոն գրագիտուհիին հետ եղած հանդիպումէն ճիշդ կէս դար եւ երկու ժամ հեռու է Պէշիկթակը իր Պարոնեանով: Այդ հեռաւորութիւնը ոտքով կտրելու համար պէտք եղած ժամանակը -երկու ժամ- ստուգաբանութիւնը կը հաշուէ Պարոնեան մեծն երգիծաբանի արագութիւնը չափանիշ առնելով, տրուած ըլլալով որ վերջինս ամէն օր Պապ-ը Ալիի տպարաններէն մինչեւ Պէշիկթաշ կը քալէ:

Յասմիկ Յարութիւնեան «Ազգ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ.

«Վերջին երկու ամսուան ընթացքին Յունաստանի խորհրդարանը երկու շատ կարեւոր որոշում որդեգրեց։ Նախ որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը՝ այսպիսով դառնալով Եւրոպայի մէջ նման օրէնք որդեգրող երրորդ պետութիւնը՝ Զուիցերիայէն եւ Սլովաքիայէն ետք։