Դարձեալ Երեւանի կինոյի հրապարակին վրայ կը գտնուիմ: Գեղեցիկ, տպաւորիչ, բայց ծայր աստիճան աներդաշնակ զարդարուեստականութեամբ:
Փոքրիկ հրապարակին վրայ գտնուող շատրուանին շուրջբոլորը գեղեցկօրէն զարդարուած քարակերտ արձանիկներ, որոնք կը պատկերացնեն յունալատինական աստղանիշերու հորոսքոփային խորհրդանիշներ: Անոր կից՝ ժամանակակից ըմբռնումով արուեստի մետաղապատ երկու ստեղծագործական նմուշներ՝ պրոնզաձոյլ ցուլ մը եւ ութնոտանի - օքթափուս մը:
Բան մը հաւնիլն ու խանդավառուիլը միշտ ալ ճաշակի հարց եղած է. երբեք չեմ վիճիր այդ մասին: Բայց հրապարակին վերեւ, կինոյի պատերուն վրայ նկարուած արուեստի զանազան նմուշներուն առընթեր, յատակի վրայ մեծածաւալ տրամագիծի ճատրակ մը կառուցուած է, նոյնպէս մեծ քարանշաններով: Գործօ՛ն ճատրակ մը. մրցողներ կան. լուռ հետեւող հանդիսատեսներ ալ կան. հիացողներ, զարմացողներ, կարծիք ունեցող եւ կարծիք չունեցող մարդիկ իրար միախառնուած:
Զարմացողներու կարգին՝ հրապարակին վրայ շարուած խաղատախտակի խորհրդանիշներու այլազանութիւն, որ կամ ճաշակդ կը զարգացնէ, կամ նոր ճաշակ կը ստեղծէ, կամ ալ ճաշակդ մոռցնել կուտայ: Աւելցնենք նաեւ, որ այս խառնիճաղանջին վրայ կուգայ աւելնալու նաեւ Ազնաւուրեան «Աստղ»ը:
Կեանքիս մէջ երբեք հաւնած չեմ այն բաները որ փառասիրական հեռանկարներով արուեստականօրէն կը ճգնին զօրակոչի ենթարկել՝ միտքը, յղացքը, ստեղծագործութիւնը եւ միաժամանակ կը միտին ստեղծել այն տպաւորութիւնը որ գերազանցած են գերազանցը, կամ ալ անձի մը ընդունուած կարողութիւններէն անդին կը նպատակադրեն արուեստին շուրջ նոր ըմբռնում մը հաստատել, որ ժամանակին մէջ պիտի հասուննայ ու նուիրականանայ բոլորիս կողմէ: Չէ, չէ, այս գեղեցիկ հրապարակէն աւելի գեղեցկիներն ալ կան Երեւանի մէջ:
Կ'ուզէ՞ք իմ կարծիքս. ձեւականութեան պատկերացումներու այս անսովոր ցուցադրականութեան ու խառնափնթորութեա՞ն համար: Լաւ արուեստը կը դիմանայ. գէշ արուեստը չի դիմանար: Շատեր իրենց արուեստի նորարարութեան զոհ կÿերթան: Ես այդ օրը, կինոյի սրահներէն մէկուն մէջ, պատիւը ունեցայ դիտելու Արցախեան ազատամարտին նուիրուած եւ ժամանակից ըմբռնումով պատրաստուած «Թեւանիկ» ժապաւէնը եւ անձամբ ծանօթանալու իր երիտասարդ ու տաղանդաւոր բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեանին, քանի մը ամիս վերջ՝ նաեւ «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնի մրցանակակիր եւ այս օրերուս Եւրոպական մայրաքաղաքներուն մէջ շրջագայութեան ելած Արցախեան հերոսամարտը զգալու դարձնելու համար:
Այս մէկը կը բաւէ, որպէսզի այդ հրապարակէն անցած ատենս, ընտրեմ իմ յիշատակս, ընտրեմ իմ խորհրդանիշս: Մանաւանդ յղկեմ իմ ճաշակս, եւ փակագիծի մը մէջ առնեմ, ինչ որ իմ ճաշակիս եւ հասարակաց տրամաբանութեան արտայայտիչը չի կազմեր: Որովհետեւ ճաշակն ալ, տրամաբանութիւնն ալ ներշնչումի ներհոսքի իր իսկ թելադրած ժողովրդականութենէն կը բխի ու կը զարգանայ, երբեմն ալ նոյնինքն տրամաբանութեան անդամալուծութիւնը կÿապրի:
Պիտի նախընտրէի որ այդ հրապարակը «Թեւանիկ» վերակոչուէր:
Ապագայի հայու եւ ապագայի հայութեան մասին կը խօսինք:
Յովսէփ Պարազեան
(Շար 24)