Ամառ ատեն կիրքերը կը սրին Երեւանի մէջ: Այս անգամ Զուարթնոցեան փիք-նիքը չէ պատճառը: Այլ խորհրդային օրերու սովետի բարձրապաշտօն գործիչ Անասթաս Միկոյեանի Երեւանի մէջ իր արձանի տեղադրման հաւանութիւն տալու, կամ կատարուած դիմումը մերժելու երկդիմի հարցը:

Այս երկուքը ինչպէ՞ս հաւասարակշռել: Պատմութեան ու քաղաքականութեան ժամանակակից ըմբռնումով օգտագործում կամ շահագործում կատարելով, մոռնալով որ պարտաւոր ենք պատմական ճշմարտութենէն դուրս չելլելու, որեւէ պարագայի, ամէն պարագայի:

Մեր տագնապներէն մէկը, վստահաբար որ տագնապ կÿապրի: Տագնապները կատարեալ չեն. ամէն ինչի մէջ հարթ-հաւասարի, բնաջնջումի զգացումը յաճախ վնաս է նոյնինքն ժողովուրդի շահուն, երբ անիկա դուրս կուգայ հասարակական շրջագիծի սահմաններէն:
Իր ծնունդէն ու մահէն տասնամեակներ վերջ տիրող հարցականն այն է, որ Միկոյեան իր ազգին՝ Հայաստանի, իր ազգութեան՝ հայութեան համար ազգային-հայրենասիրական օգուտ մը ունեցա՞ծ է: Այսինքն, հիմա մենք կը մեկնաբանենք պատմութիւնը եւ պատմութեան գաղափարական շփոթները, հին եւ նոր բաժանման կարմիր գիծերու լոյսին տակ:
Այս մասին մտքեր-տեսակէտներ արտայայտողներու մօտեցումները երկդիմի ու իրար հակասող ու հակադրուող են: Տեսակէտ պաշտպանողներ կան, որ ան, որոշ օգտակարութիւն ունեցած է գաղտնօրէն, քանի իր ստանձնած պաշտօնները բացարձակապէս չէին արտօներ միութենական այս առաջնակարգ ղեկավարին, որ կողմնակալ կեցուածք ցուցաբերէ իր հայկական պատկանելիութեան պատճառով, խորհրդային բազմազգ հանրապետութիւններէն մէկու կամ, ընդհանրապէս որեւէ մէկու հաշւոյն:
Այսպէս, ամրան սրտին, առիթ մը եւս գտանք, որ հայութեան կէսը դէմ ելլէ մնացեալ կէսին: Ժամանակներն ու դէպքերը դարձեալ իրար խաչաձեւուեցան:
Չըրչիլ կÿըսէր. ոմանք կուսակցութիւններ կը փոխեն, իրենց սկզբունքներու հաշւոյն, ոմանք ալ սկզբունքներ՝ կուսակցութիւններու հաշւոյն:
Հայաստան խորհրդային օրերու վէրքերը դեռ չէ բուժած: Թերեւս հաշտուած է իր անցեալին, բայց տակաւին ոչ՝ իր ներկային հետ: Այդ հաշտութեան թէ անհաշտութեան մէջ տիրապետող երկընտրանք կայ անձերու կերպարի մարմնաւորման ու դերակատարութեան հաշւոյն:
Վկայութիւններ կան, որ Միկոյեան իր ուսումը ստացած է Էջմիածնի Գէորգեան անուանի ճեմարանին մէջ, ուրկէ դուրս եկան հետագայ նշանաւոր ազգային գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ: Վկայութիւն ալ կայ, թէ ուզած է մաս կազմել զօրավար Անդրանիկի կամաւորական գունդին մէջ, սակայն զօրավարի շրջանակները շուտով անդրադարձած են երիտասարդ ու համոզուած պոլշեւիկի «լրտեսական» դերակատարութեան ու զայն ծեծով հեռացուցած են բանակէն:
Հասարակական դերակատարութեամբ յատկանշուած անձերու համար շիտակ պատկեր պէտք է տրուի, որպէսզի անոնք յիշատակ ունենալու իրաւունք ունենան, կամ չունենան եւ պատմութիւնը վրէժ չլուծէ իրենցմէ, սխալ վայրի մէջ, սխալ ժամանակի մէջ:
Միկոյեանի մասին կը պատմուի թէ ան նշանաւոր խմող ու ոգելից խմիչքին մինչեւ վերջ տոկացող ճարտար քաղաքագէտ մը եղած է: Երբ օտար անձնաւորութեան մը հետ պետական բարձրագոյն մակարդակի համաձայնագիր մը ստորագրելու հարց կը ծագէր, սովետները Միկոյեանը յառաջ կը քշէին, բարձրագոյն ու բարդ լիազօրութիւններ վստահելով իրեն, քանի ան, սովորաբար կը կիրարկէր դիմացինին հետ խմիչքի ընկերակցութեամբ որեւէ պետական կամ միջպետական պայմանագիր ստորագրելու հեզասահ գործընթացը:
Միկոյեան դիմացինին լիովին կը խմցնէր ու կը խմցնէր մինչեւ որ հարբեցութենէ հասունցած պտուղը առանց որեւէ յանձնառութեան իր ափին մէջ իյնայ: Այդ վիճակէն օգտուելով եւ պահու պարտադրած լրջութիւնը օգտագործելով, իր ուզած արձանագրութիւնը ստորագրել կուտար ի նպաստ Խորհրդային Միութեան: Այս մէկը թերեւս որոշ պարագաներու չափազանց շատ է դիմանալու համար:
Նոյնանման գաղափար մը կ'արտայայտէր Լենինը, երբ իր գնահատումը կ'ընէր ընդհանրապէս քաղաքական համաձայնութիւններու համար, ըսելով. «Համաձայնութեան մը մէջ, կամ ձին կը կորսնցնես, կամ ձիապանը»: Միկոյեանի պարագային՝ կամ խմիչքը, կամ մրցակից հակառակորդին թմրած զգայարանքները:
Միկոյեան արժանապէս կը փառաբանուէր իր դիմացի խօսակիցը հեշտութեամբ համոզելու իր դիւանագիտական կարողութիւններուն համար: Տեսակ մը քաղաքական մեծամտութեան առասպել մը հիւսուած է իր անձին ու կերպարին շուրջ:
Կը պատմուէր, որ ան Էսքիմացիներուն կրնար համոզել ու վաճառել՝ նոյնիսկ իրենց սեփականութիւնը եղող հողապատկան տարածքները: Թէ ինչ կÿըլլար այդ վաճառքին գինը...:
Ոեւէ ղեկավարի անձնական թէ հաւաքական կերպարը միայն սեւ կամ ճերմակ չէ: Միայն ճերմակ կամ սեւ ալ չէ: Միայն մէկ ճանապարհի տոկման միշտ ալ ճիշդ չէ: Քաղաքագէտները մարգարէ չեն, որքան ալ յաճախ մարգարէի դերեր կը վիճակուին իրենց:
Այսօր, խորհրդային անցեալի կարգերը գովերգողներու թիւը շատ սահմանափակուած է: Լենինի ու Սթալինի արձաններն ալ տապալած են: Իրենց ոտնաձայնը նոյնիսկ հեռուէն չի գար, ինչպէս չի գար իր հին թէ իրեն յաջորդող սովետ ղեկավարներու անուան, գործի ու հին համբաւի արձագանգը՝ Խրուշչովի, Պրեժնիէվի, Կրոմիքոյի, եւայլն:
Կը մտաբերեմ. այս մարդոց քով-քովի բերողը քաղաքական շա՞հն էր, թէ շահամոլ քաղաքականութիւնը: Ո՞վ կրնայ խոհուն կերպով վերլուծել ասոր տարբերութիւնը:
Անասթաս Միկոյեան արձան չունեցաւ, հակառակ որ եղած էր 26 կոմունիստ կոմիսարներու լիիրաւ անդամ, ապա նաեւ Խորհրդային Միութեան նախագահ: Սովետի օրով, Միկոյեանի անունով փողոց կար, հիմա՝ արձանն ալ կÿուզուի:
Արդ, ինչպէ՞ս պէտք է մօտենալ ազգային ու սկզբունքային հարցերու՝ ազգայինը զոհելով սկզբունքայինին, թէ՞ սկզբունքայինն ալ ազգայինին. կարգապահութիւնը զոհելով խանդավառութեան, թէ՞ պահպանողականութիւնը յեղափոխականութեան:
Ո՞րն է ազգայինը, ո՞րն է սկզբունքայինը: Ինչպէ՞ս մօտենալ սկզբունքային հարցերէն բխող տրամաբանութեան: Իւրաքանչիւր անձ իր հայրենիքը կ'ընտրէ իր գաղափարներէն առաջնորդուելով: Մնացեալ հայրենիքները երկրորդական են:
Հայերը դէմ չեն արձաններուն. ապացոյց, որ երկիրը ծայրէ ծայր արձաններով լեցուն է: Մեր արձանները առասպել չեն. աւանդութիւն են: Վերաքննենք մեր արձաններուն որակը: Հայաստանեան մտայնութիւնը իր նոր արեւելումը պէտք է վերաքննէ, մօտաւորապէս ամէն ինչի մասին:
Միկոյեանի հարցով, թերեւս պէտք է հետեւիլ քրիստոնէական այն կարգախօսին, որ կը թելադրէ՝ «կուռքերը չկապել անձերուն»...:
Վախցէք այն ժողովուրդէն, որ իր ղեկավարները կ'ընդունի զանգահարումներով եւ իշխանութենէն կը հեռացնէ անէծքներով:
Կոյր զայրոյթը համազօր է պատմութեան վրէժխնդրութեան, որ երբեք իր թիրախին չի հասնիր:
Հիմա, վստահութեան ու անվստահութեան մակարդակները փոխուած են, որովհետեւ հայու անձնակեդրոն մտածողութիւնը մասամբ իր վստահութիւնը կորսնցուցած է իր հայրենիքին հանդէպ:
Հայը հազար ու մէկ դէմքերով մարդ մըն է:
Միկոյեան դատեց ու կը դատուի:

Յովսէփ Պարազեան

(Շար 25)