Քիչ թէ շատ տա­սը տա­րե­կա­նի չափ բան մը պէտք էր ըլ­լա­յի, եւ ար­դէն նա­խակր­թա­րա­նին կէ­սը անց, երբ, չեմ գի­տեր այ­լեւս ո՞ր տա­րո­ւայ Սեպ­տեմ­բե­րի վե­րա­մու­տին, մեր դպրո­ցի տնօ­րէ­նը մե­զի ներ­կա­յա­ցուց մեր հա­յե­րէ­նի նոր ու­սու­ցի­չը:

­Քա­նի՜ տաս­նեակ տա­րի­ներ ան­ցեր են ար­դէն, բայց կար­ծէք ե­րէկ ըլ­լար դեռ, երբ մեր հա­յե­րէ­նի նոր ու­սու­ցի­չը, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, մուտք կը գոր­ծէր մեր փոք­րիկ դա­սա­րա­նի -հա­զիւ 8-10 ա­շա­կերտ- գողտ­րիկ դռնէն: Եր­կայն-բա­րակ, բարձ­րա­հա­սակ, գա­գաթն ալ սպի­տա­կա­ւոր: Ին­ծի հա­մար՝ մեր դա­սա­րա­նին դու­ռը հրե­լով ձիւ­նա­զարդ Ա­րա­րա՜տն էր որ մե­զի այ­ցե­լու­թեան էր ե­կեր. ու իր այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւէին, պի­տի ըլ­լա­յին ա­մէ­նօ­րեայ, եւ պի­տի տե­ւէին 3-4 տա­րի, մին­չեւ նա­խակր­թա­րա­նը ա­ւար­տելս եւ վկա­յա­կան ստա­նալս:

Ան օ­րե­րով, ա­միս­նե­րով, տա­րի­նե­րով դա­սա­ւան­դեց մե­զի մեր մայ­րե­նի լե­զուն, մեր կեն­ցաղն ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րը. պատ­մեց մե­զի մեր ա­ռաս­պել­նե­րը, դիւ­ցազ­ներ­գու­թիւն­նե­րը, պատ­մու­թիւ­նը. ու ա­մէն ան­գամ ին­ծի այն­պէս կը թո­ւէր՝ որ Ա­րա­րա­տի գա­գա­թը ամ­պեր կը պա­տէին, կը դի­զուէին եւ փո­թո­րիկ­ներ տե­ղի կ­՛ու­նե­նա­յին, ու իր աչ­քե­րը կը մշու­շո­տէին, կը խո­նաւ­նա­յին եւ մեր ման­կա­կան մատ­ղաշ սիրտն ու հո­գին տակ­նուվ­րայ կ­՛ը­նէին, կ­՛ա­լե­կո­ծէին. ու մենք ալ ի­րեն հետ կ­՛եր­թա­յինք, կը սա­ւառ­նէինք դէ­պի հայ­րե­նի դաշ­տե­րը, լեռ­նե­րը, ձո­րե­րը, Վա­նայ լի­ճը, Ա­րա­րա­տը:

Կը յի­շեմ, ան միշտ կ­՛ը­սէր՝ «Տ­ղա՛ք, աղ­ջիկ­նե՛ր, հա­յե­րէ՜ն խօ­սե­ցէք»:

Քա­նի՜ քա­նի ան­գամ­ներ երբ, դպրո­ցէն ել­լել­նուս, դուր­սը թա­ղին մէջ կը խա­ղա­յինք եւ մեր մէջ յու­նա­րէն կը խօ­սէինք, որ­քա՜ն կը նե­ղո­ւէր եւ կը կրկնէր ու կը կրկնէր՝ «­Հա­յե­րէ՜ն խօ­սե­ցէք, հա­յե­րէ՜ն խօ­սե­ցէք»:

­Տա­րի­նե­րը ան­ցան ու Նո­յեմ­բե­րի ա­րե­ւոտ օր մը, ճիփ-ճիշդ 50 տա­րի ա­ռաջ, Յու­նաս­տա­նի իմ 20 տա­րո­ւայ ա­րեւս ձգե­լով ու 4-5 ժամ եր­կին­քին մէջ սա­ւառ­նե­լէ վերջ՝ ե­կայ ու դան­դա­ղօ­րէն, բայց վստա­հօ­րէն՝ ին­կայ, սու­զո­ւե­ցայ Փա­րի­զի 50 սան­թի­մեթր ձիւ­նին մէջ:

­Քա­նի մը տա­րի ետք ա­ռի­թը ու­նե­ցայ ար­ձա­կուր­դի Յու­նաս­տան վե­րա­դառ­նալու օր մըն ալ պա­տահ­մամբ, Ա­թէն­քէն քա­նի մը տաս­նեակ քի­լո­մեթր հե­ռու, հայ­կա­կան դպրո­ցի ա­մառ­նա­յին բա­նա­կու­մին մէջ գտնո­ւե­ցայ: Եւ ի՜նչ տես­նեմ... Ա­յո՛, ա­յո՛, իմ Ա­րա­րա­տը, իմ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցի՜չս:

- Բա­րե՜ւ, Պա­րոն:

­Պա­տաս­խան չտո­ւաւ, կար­ծէք չէր տե­սած, կար­ծէք չէր լսած, հա­յեաց­քը հե­ռուն՝ ան­ցաւ առ­ջե­ւէս ու աննշ­մա­րե­լի, ան­հասկ­նա­լի բա­ռեր մրմռա­լով ծա­ռե­րուն, վրան­նե­րուն մէ­ջէն շա­րու­նա­կեց իր ճամ­բան: Յան­կարծ, չեմ գի­տեր ինչ­պէս, -ինչ­պէ՞ս էր կա­րե­լի,- «տին, տան, տոն» լսե­ցի դպրո­ցիս զան­գա­կը, ու ա­կանջ­նե­րուս մէջ հնչեց ու­սու­ցի­չիս ա­նուշ ձայ­նը՝ “Տ­ղա՛ք, հա­յե­րէ՛ն խօ­սե­ցէք...”:

Ը­սին ին­ծի՝ Պա­րո­նը ար­դէն եր­կու-ե­րեք տա­րի է կ­՛ապ­րի այս­պէս, ինքն իր մէջ, իր ե­րազ­նե­րուն մէջ: Այ­լեւս ին­քը, խել­քը-միտ­քը ու սիր­տը կը սա­ւառ­նին հե­ռու­ներ... Վա­նայ Ծո­վը, Սի­փան Սա­րը, Ախ(թա­մար)ը, իր ծննդա­վայր մայր քա­ղաք Վա­նը՝ իր Այ­գես­տա­նով, շո­ճի-նո­ճի­նե­րով ու իր սե­փա­կան տան պար­տէ­զին մէջ գտնո­ւող՝ Վա­նի չի­նա­րի սօս(ի)նե­րով:

Այն վեր­ջին ան­գամն էր որ կը տես­նէի իմ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչս, բայց ան եւ իր յի­շա­տա­կը միշտ վառ կը մնան ու կ­՛ապ­րին իմ եւ, վստահ եմ, իր բո­լոր միւս ա­շա­կերտ­նե­րուն սրտին մէջ:

Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ ձեռքս գրքոյկ մը ան­ցաւ, 10-15 պատ­մո­ւածք, Շա­ւարշ Մի­սա­քեա­նի կող­մէ կազ­մո­ւած. ա­նոնց­մէ մէ­կը կը կրէր ու­սու­ցի­չիս ստո­րագ­րու­թիւ­նը. շատ պի­տի ու­զէի իր քա­նի մը տո­ղե­րը ընդգր­կել այս գրու­թեանս մէջ, բայց չեմ գի­տեր գրքոյ­կին ո՞ւր ըլ­լա­լը, ո՛չ ալ ո՞ր ծա­կը ին­կած ըլ­լա­լը. հոգ չէ՛, օր մը չէ օր մը կը գտնեմ ու, ան­պայ­ման, այս քա­նի մը տո­ղերս կը լրաց­նեմ:

Բայց չեմ գի­տեր, տո­ւի՞ ձե­զի ու­սու­ցի­չիս ա­նու­նը, կար­ծեմ թէ ո՛չ:

Բո­լո­րը կը կո­չէին... ՍՕՍ ՎԱՆԻ...

Գե­ղամ Նի­կո­ղո­սեան


France Armenie