1908, Պոլիս։ Ստուգաբանութիւնը «Օթէլ Պրիսթոլ»ի ընդունարանին մէջ թէյ կը խմէ պանդոկին ճարտարապետ Պարոն Աքիլլէս Մանուսսոյին հետ։
- Ճիշդ է Պարոն Ստուգաբանութիւն. մինչեւ 1880 թուականները Պոլսոյ մէջ չկային միջազգային չափանիշերով պանդոկներ։
Մայրաքաղաք այցելողները կը մնային խաներու եւ արեւելեան իջեւաններու մէջ։ Բայց երբ «Օրիէնթ Էքսփրէս»ը սկսաւ գործել, քաղաքին մէջ եւրոպացի հիւրերուն համար, մանաւանդ Բերա պատկառելի թաղին մէջ, սկսան շքեղ պանդոկներ բացուիլ։ Իսկ ես ալ 1893 թուակա նին այս պանդոկը գծագրեցի։ Այստեղ ամէն ինչ մտածուած ու ձեւաւորուած է եւրոպացի բարեկեցիկ զբօսաշրջիկներու ճաշակին համաձայն։
- Պանդոկը այս օրերուս, Պարոն Մանուսսիս, սովորականէն նկատելիօրէն աւելի բազմամարդ է։
-Սահմանադրութիւնն է։ Կը տեսնէ՞ք, յեղափոխութիւնը ինչքա՛ն սկսաւ օգնել քաղաքի տնտեսութեան։ Եռուզեռ մը կայ։
Արեւմուտքէն եւ այլ երկիրներէն բազմահազարներ Պոլիս կուգան այս յուսալի մթնոլորտին ականատես ըլլալու համար։
Լսած եմ, որ հայ մտաւորականներ ալ սկսած են Պոլիս վերադառնալ։
- Ճիշդ է, շատերը։ Ազատութիւնը բոլորին մէջ դրաւ նոր եռանդ։
- Իսկ ձեր հիւրը՞։
- Պարոն Օտեանը այսօր կը հասնի։
Զինք հոս հրաւիրած եմ։
Ընդունարանէն ներս կը մտնէ ներկայանալի երիտասարդ մը։
- Պարոն Օտեան, բարի եկած էք։
- Ծանօթացնեմ, Պարոն Մանուսսիսն է, այս պանդոկին ճարտարապետը։
- Ուրախ եմ։
- Պարոն Մանուսսիս, Պարոն Երուանդ Օտեանը երգիծաբան է. ընկերային թերութիւնները իր սրատես քննադատութեամբ օրը օրին գրի կ’առնէ «տոմս»երու մէջ։ Պարոն Օտեան ինչպէ՞ս էր ձեր ճամբորդութիւնը դէպի Հնդկաստան։
- Ծիծաղաշարժ։ Հնդկաստանի առաջին գիշերս շատ հանգիստ չանցաւ։ Պանդոկապետը, որ հետս բարեկամացած էր, տուաւ կարգ մը խրատներ, որոնք զիս քիչ մը մտահոգեցին. պատուհանին փեղկերը գոց պահել, որով ագռաւները սենեակ կը մտնեն, ձեղունին կամ պատին մէջէն ձայներ եթէ լսուին իրար չանցնիլ, անոնք մուկերուն աղմուկն է պարզապէս ու կան թունաւոր կարիճներ եւ օձեր...
- Պարոն Ստուգաբանութիւն, ձեր հիւրը այս պանդոկին մէջ վերջապէս հանգիստ կրնայ ընել։ Միայն նկատեցի, թէ դուք յաճախ կը գործածէիք «պանդոկ» բառը։ Հետաքրքրական է։ «Պանդոկ»ը մեր բառն է։ Սակայն, յոյներս երկար ժամանակէ ի վեր չենք գործածեր զայն։ Ինչպէ՞ս մնացեր է ձեր մօտ։
- Իրաւունք ունիք Պարոն Մանուսսիս։
Բիւզանդական շրջա նին մենք փոխ առինք զայն։ Բունը, ինչպէս գիտէք, «փ(պ)անդոհիօ» է, եւ արմատն է «տեխոմէ» բայը, «ընդունիլ»։ Ուստի «պանդոկ» կը նշանակէ «բոլորին ընդունող»։
- Այդ բառը մենք գործածութեան կը կոչենք միայն, երբ կը խօսինք պարզ իջեւաններու մասին։ Իսկ երբ նկատի ունինք «Օթէլ Պրիսթոլ»ի նման հաստատութիւն մը, կը նախընտրենք «քսենոտոհիօ» (հիւրանոց) աւելի քաղաքակիրթ բառը, որ կը նշանակէ «օտարներ ընդունող»։
Նորայր Տատուրեան