Հայաստանի մէջ պիտանի արձաններ ու յուշակոթողներ կը վխթան: Անոնք պատմութիւն կը գրեն, յաճախ ալ կը կրկնեն, արժէքներու համակարգ մը ստեղծելով, քաղաքակրթութեան նոր չափանիշներ հաստատելով:
Հայ մեծանուն բարերար, մեկենաս, արդիւնաբերող Ալեքսանդր Մանթաշեանի (1842-1911) քանդակը, գործ Տ. Արզումանեանի, 2012ին զետեղուեցաւ «Անի» պանդոկի յարակից պարտէզին մէջ: Արձանի կողքին՝ զուգադիպութեան կարգով մեծադղորդ պաստառ մը բացուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ՝ «Հայրենիքի զինուոր եմ» նշանապատգամով:
Ի՜նչ սրտամօտիկ յարակցութիւն՝ յիշողութեան բեւեռին մէջ: Արձանի ու խորհուրդի հայրենաբաղձ այդ յարակցութենէն ներշնչուելով է որ կը յիշեցնեմ, թէ ազգային մեծ բարերարը շատ մը բարերարներու կողքին՝ խռովայոյզ ժամանակներու մէջ հայ յեղափոխականներուն զէնք վճարած ու ապահոված է, փաստելով որ յեղափոխութիւնը՝ յայտնի կամ գաղտնի տեսլական կ'ուզէ, թէ կռուիլ չի նշանակեր միայն պատերազմի դաշտին վրայ յաղթել կամ պարտուիլ: Թէ յեղափոխութիւնը խորհրդանշական բանէ մը աւելի է, խտացած զայրոյթէ մը աւելի է, թէ յեղափոխութիւնը իրեն համար պարզ խօսք մը չէ, այլ զգացում, մտածելակերպ եւ գործ է: Այս պարագային, իր գործը ցոլացուց իր խորքը, որովհետեւ յեղափոխութիւնը դրամի ալ պէտք ունի:
Մանթաշեանի պարագային՝ իմացականօրէն յղկուած ներքին դասաւորումով նոյն անձին մէջ զուգահեռաբար նոյնացած են ազգային գործիչի եւ հարուստ բարերարի մատուցողական հազուագիւտ առաքինութիւնները: Անոր արժէքը ամէնօրեայ քայլերգ մը եղաւ: Հայութիւնը՝ այսպիսի առաքինութիւններով ներշնչուող գործիչներու պէտք ունի: Շատ անգամ կը դժուարանանք այսպիսի առաքինութիւններու բացատրութիւնը մեկնաբանել, որովհետեւ այսպիսի արարքներ գիտակցական թէ ենթագիտակցական հեռանկարներ կÿունենան, դուրս գալով տուեալ ժամանակի յեղյեղուկ օգտակարութեան սահմաններէն եւ ստեղծելով հերոսներ, նպատակ, առասպելներ:
Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ յատկապէս հայութեան իր բարերարի անվիճելի տիպարով, գործով ու հեղինակութեամբ միայն փայլուն հայ մը չէր. աշխարհի քաղաքացի մըն էր, որ լուսաւոր արտացոլումներով փայլեցուց հայու անունը, թէկուզ աւանդաբար դրսեւորուող Մանթաշով մականունով:
Ուրիշ ժամանակներու ուժականութիւն մը, երբ բարեգործութիւնը մեր ընկերութիւնը կը զօրացնէր:
Մեր ժամանակները աւելի բարդացած են: Մարդիկը կը դառնան մարդուկ:
Այս մարդը պատմութիւն գրեց, բայց մնաց առնականացած կուռք մը, հայկական ստեղծագործ տիեզերականութեան համար:
Մանթաշեան ուրիշ հայ էր. իր պարզած դրօշակներուն դրօշակիրը եղաւ: Կեանքը իրեն համար միայն յետնեալ կենսագրութիւն չէ: Այսօր իր գործը հաւաքական ճանաչումի կ'ենթարկուի ու ամէն ձեւով կ'արդարացնէ այդ ճանաչումին պարունակութիւնը, այն է թէ՝ խօսքը գործի վերածելու համար անձի մը դերը, դերակատարութիւնը, պէտք է համապատասխանէ իր առաքելութեան ու կոչումին:
Որպէսզի առաքելութիւնն ու կոչումը բազմապատկուին:
Յովսէփ Պարազեան
(Շար 24)