Բոլորս ալ գիտենք, սփիւռքի մէջ հայկական դպրոց պահելը դիւրին գործ չէ։ Մեր պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ չէ որ վտանգի կþենթարկուի հայկական վարժարան մը։ Բաղդատմամբ անցեալին սակայն, կարելի չէ ըսել թէ՝ դժուարութիւնները նոյն տարողութիւնը ունին։

 Ի սկզբանէ յունահայութեան յատկանիշը եղած է  ազգայինին ու գաղութի կառոյց-   ներուն ամրօրէն կառչած մնալու իր հեռահայեաց… «յամառութիւնը»:
Հակառակ իր փոքր թիւին, հաստատած է  մեծ ու հոծ գաղութի մը բոլո՜ր-բոլո՜ր գործօնները, ինչպէս՝ կրթական, կրօնաեկեղեցական, մարզական-սկաուտական, բարեսիրական, մշակութային, լրագրական թէ ակմբային:


«Հասկնալի է որ մեր կեցուածքը երբեք պիտի չկայանայ ուրանալու կամ նուազեցնելու մէջ հսկայական տառապանքը հայ ժողովուրդին, ոչ ալ անոր ցաւը կորսնցուցած ըլլալու իր նախահայրերու հայրենիքին մեծ մասը»:

Էնկին Սոլաքոկլու,
Փարիզի Թուրքիոյ դեսպանատան
բանբեր

Ձօն Սուրիոյ մէջ բնակուող մեր հայրենակիցներին

Հանգչող մորմոքով վերջալոյսերի,
Ճակատագիրի մռայլ ձեռքերով,
Գրուեց մեր ազգի ողբագիր գիրքը,
Անողորմ բախտի՝ ծանր գրիչով:

«Ազատ Օր»ի ընթերցողը անպայմանօրէն հետեւեցաւ թեմակալ առաջնորդ սրբազան հօր    եւ Ազգային վարչութեան կողմէ մամուլին յանձնուած սրտառուչ «կոչ»երուն, այլեւ երբեմնի տնօրէններուն, վաստակաշատ ուսուցչուհիի եւ այլոց գրութիւններուն, որոնք հրաւէր մը ըլլալէ աւելի ահազանգ մըն էին ուղղուած յունահայութեան յատկապէս, տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող ահռելի բացի մը չէզոքացումը ապահովելու սուր մտահոգութենէն թելադրուած։