Եթէ 301 թուին, մե՛նք առաջին, ազգովին քրիստոնեայ մկրտուելով հաստատեցինք մեր ազգային ինքնութիւնը, ապա ուրեմն, 405-ին Մեսրոպեան շունչով մենք հայ մկրտուեցանք, ունենալով գրաւոր ուրոյն լեզու, ազգի մը գոյատեւման հիմնական ու անփոխարինելի երաշխիքը։

Ու այդ օրուընէ, հայերէնով գրուած առաջին նախադասութեան՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զիրար, իմանալ զբանս հանճարոյ» փրկարար ուղիով, մենք ապրեցանք մեսրոպեան շունչով, ստեղծա- գործեցինք մեսրոպեան տառերով, պահելով ամէն գնով մեր այբուբենը, իբր գերագոյն սրբութիւն, իբր մեր լինելութեան կենսատու թթուածինը, ազգային գոյապայքարի «ալֆա»ն եւ «օմեղա»ն։
Անհերքելի ճշմարտութիւն է, թէ առանց լեզուի ազգ ըլլալէ կը դադրինք ու կը մնանք հայանուն բազմութիւններ անդիմագիծ, անվաղորդայն եւ մեր Հայ Դատն իսկ, անգոյ ազգի մը անիմաստ պայքարը կը դառնայ եւ ո՛չ թէ հինաւուրց ազգի բազմադարեան երթը բնորոշող ու ապագան իմաստաւորող ազգային արդար դատ։
Մայրենի լեզուն, մեր գրչի տիտանները բազմաթիւ գոհարներով գովերգած են եւ իսկապէս պիտի ուզէի հոգիները լեցնել նման ներշնչուած տողեր մէջբերելով։ Սակայն,  պիտի նախընտրեմ այս պահուս, կեդրոնանալ տնտեսական տագնապի պատճառով, յունահայ գաղութի վարժարաններուն հայակերտումի սրբազան առաքելութեան խափանման վտանգին, քանի հայ դպրոցն է հայեցի դաստիարակութեան ու հետեւաբար մեր ազգային գոյատեւման բերդը, որ ի գին ամէն զոհողութեան, պէտք է մնայ «անառիկ բերդ»։
Սիրելի հայրենակից,
Բազմաթիւ յօդուածներ լոյս կը տեսնեն օրերս «Ազատ Օր»ի էջերէն, կարող ու փորձառու գրիչներէ  ուղղուած մեր բոլորի  ազգայինը գերադասելու գիտակցութեան։ Կը հաւատամ, թէ արձագանգ  պիտի գտնեն ամէն հայու հոգիին խորը։ Եթէ կը փորձեմ այս կոչը եւս աւելցնել այսօր, այդ կþընեմ պարզ այն պատճառաւ, որ ձայն կուգայ, իբր Ազգային Վարչութեան հեռանիստ անդամ, հիւսիսային Յունաստանի գաղութներէն, որ պայմաններու բերմամբ 1945-էն ասդին զրկուած ըլլալով հայ ամենօրեայ վարժարանէն, իրենց մորթին վրայ զգացած են փակ դպրոցի թողած անդարմանելի  բացը։
Ուժեղ ահազանգ հնչեցնող այս կոչը, ուրեմն, ձայնն է հայուհիի մը, որ հազիւ մէկ տարի հայ վարժարանի գուրգուրոտ գրկին մէջ  հոգին ջերմացնելու բախտը ունեցած է, ձայնն է մեր շրջանի այն գիտակից հայ մայրերուն, որոնք թէկուզ տարրական ձեւով մայրենին սորվեցնելու համար իրենց զաւակներուն, փորձած են նոյնիսկ թղթակցութեամբ իրենց հասած հայերէնի դասերու անշունչ էջերուն, Մեսրոպեան շունչ փչել, ձայնն է շրջանիս հայեցի դաստիարակութեան յանձնախումբին, Միջթաղային խորհուրդին ու Հ. Գթ. Խաչին, որոնց միացեալ ջանքերով, վերջին 15 տարիներուն, կը պահուին միօրեայ վարժարաններ, որպէսզի օտար ափերու վրայ հասակ նետող նոր սերունդը, շնորհիւ մայրենի լեզուին, անքակտելի կապերով ազգի ու հայրենիքի անբաժան մասնիկը զգայ։
Երբ միօրեայ դպրոցով, ուրեմն, կը փորձենք առաւելագոյն արդիւնքի հասնիլ, տարակոյս չկայ, թէ ամէնօրեայ հայ վարժարանը աչքի լոյսի նման հարկ է պահել հեռու ամէն տեսակի տագնապներէն։
Եւ պիտի պահենք։
Բոլորիս հոգու պարտքն է։ Պիտի դնենք մեր լուման ֆոնեթոնի գանձանակին, ազգային խոր գիտակցութեամբ,
- անոր համար որ մենք յարուցեալ ազգի զաւակներ ենք ու ո՛չ մէկ տագնապ կարող է մեզ ընկճել,
- անոր համար, որ միշտ գիտցած ենք ոգեղէն մնայուն արժէքները գերադասել եւ դպրոց կառուցել, երբ տակաւին գաղթականի խրճիթ-ներու մէջ կ'ապրէինք,
- անոր համար, որ ժառանգորդներն ենք այն հայ մօր, որ դէպի ստոյգ մահ քալելով հանդերձ, անապատի կիզիչ արեւուն տակ, իր կմախացած մատներով ա, բ, գ..., կը սորվեցնէր իր զաւկին, որպէսզի եթէ գէթ ա՛ն վերապրի, հա՛յ ապրի,
- անոր համար, որ մենք սփիւռքի տարածքին, լեզուի մը զաւակներն ենք, քանի մեզմէ խլուած հայրենի հողին ուժը, մայրենի լեզուն փոխարինեց, դառնալով մեր տունն ու հայրենիքը տասնամեակներ շարունակ։
Ինչպէս կը գրէ Նայիրի Զարեան՝ «կը մոլորուէր մեր կարաւանն ամպրոպաշունչ գիշերներին, կը կորչէինք, եթէ ճամբին չբոցկլտար հայոց  լեզուն»։
Բոցկլտած մեր մեծասքանչը ու լուսաւորեց մեր ուղին դարերու խորքէն ու պիտի բոցկլտայ յաւիտեան։ Պիտի պաշտպանենք զայն հայու կամքով, մեսրոպեան շունչով։

Մաննիկ Աշրեան
Գավալա