Կեանքի մէջ չես յաջողիր,- ըսաւ խարտեաշ մազերով, անկողինէն նոր ելածի ու անխնամ արտաքինի տպաւորութիւն թողնող, սակայն լաւ ուսումնասիրուած սանտրուածքով ամերկուհին,- այնքան ատեն որ կ՛ենթարկուիս ուրիշի խաղի օրէնքներուն: Իսկ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի չենթարկուինք ուրիշի ճշդած խաղի օրէնքներուն:
Եւ առանց ժամանակ կորսնցնելու ան շարունակեց. «Պատասխանը քրիսթալի (բիւրեղի) նման ջինջ է»: Խորհրդաւոր ժպիտ մը շրթներուն, առաջնորդներու մասին խօսող ամերիկուհի դասախօսը այդպէս ըսաւ՝ աչքէ անցընելով սրահին մէջ հաւաքուած ներկաները, ապա առջեւի կարգի բազկաթոռներուն վրայ թառած կանանց թելադրեց. «Օգտագործեցէ՛ք ձեր իւրայատկութիւնը, ձեր առաւելութիւնը»:
Պահ մը սրահին մէջ հաւաքուած՝ աջիս ու ձախիս նստած կիներուն նայելով՝ մտածեցի, որ կ՛երեւի առաւելութիւնը, որուն ան կ՛ակնարկէ, կանանց ոտքերուն բարձր, շատ բարձր կրունկները ըլլալու են: Բայց դասախօսուհին շուտով հասաւ օգնութեան եւ ես հասկցայ, որ իմ պատասխանս սխալ էր: Ուրեմն, առաւելութիւնը այն էր, որ իւրաքանչիւր կնոջ մօտ կայ խմբական շահերով առաջնորդուելու ատակութիւն. «Հասկցէ՛ք, դուք հազուագիւտ գանձեր էք, կ՛աշխատիք գերակշռաբար տղամարդոցմով լեցուած միջավայրի մը մէջ, ուր կինը հազուագիւտ երեւոյթ է, նոյնքան՝ ինչքան հազուագիւտ է այսօր ռնգեղջիւրը», ըսաւ տիկինը:
- Կարելի է ըսել,- շարունակեց դասախօսը,- որ տղամարդիկ պարտաւոր են քաջալերել կիները, առիթ տալ, որ կիները եւս բացայայտեն «պիզնես»ը զարգացնելու իրենց սեփական ռազմավարութիւնները: Կիները, օրինակ, կրնան պատմել, թէ ինչպէ՛ս մէկ կողմէ կը ծրագրեն չորս երեխաներ ունենալ, եւ միաժամանակ շաբաթը 100 ժամ աշխատիլ:
Խարտեաշ մազերով, անփոյթ սանտրուածքով կինը շարունակեց խօսիլ multi-dependency model-ներու մասին:
Հետաքրքրական էր, որ այնտեղ հաւաքուած կիները, բոլորը կը խօսէին բազմակողմանի ըլլալու կարեւորութեան մասին, որ ըստ երեւոյթին կը նշանակէր բազմաթիւ «պիզնես» խորհուրդներու անդամ ըլլալ:
Հիմա պիտի մտածէք, թէ ինչու կը խօսիմ այս ամերկուհիին մասին, սակայն խնդրեմ, քիչ մը եւս համբերել եւ հետեւիլ միտքերուս զարգացման:
Ելոյթը շարունակելով ամերկուհին կը պատմէր, թէ յաջող «պիզնես»կին ըլլալու համար օգտակար էր նաեւ յաջողած մարդու հետ ամուսնութիւնը, այո՛, հարուստ «բիզնեսման»ի մը հետ ամուսնութիւնը. եւ ինքն իրեն օրինակ բերելով՝ յովազի կաշիով կրունկներուն վրայ հաւասարակշռութիւնը պահելու անվերջ ճիգով ան կը հաւաստիացնէր, որ այսօր իրեն հրաւիրած են ելոյթ ունենալու, ճիշդ անոր համար, որ ունի յաջողած businessman ամուսին:
«Ես կ՛ատեմ քոթաները*», կը շարունակէր ամերկուհին կիրքով, ու ես անմիջապէս հասկցայ, թէ ինչո՛ւ սրահին մէջ հաւաքուած տղամարդիկ անմիջապէս սիրահարեցան այդ կնոջ:
Մտածեցի՝ ափսո՜ս, երանի մեր հայրենի քաղաքական այրերը այստեղ ըլլային. այս կինը իրենց սրտէն կը խօսէր:
Քոթանե՜ր*… քոթանե՜ր… ախ, չարչրկուած քոթաներ:
Մեր քաղաքական այրերու սրտերը մաշեցնող, բարիքներու եւ առաւելութիւններու մէջ մխրճուած մեր գործարարներու սիրտը յուզող բառ: Այս ամերկուհին կը վստահեցնէր, որ քոթա բառը իրեն եւս սրտի ցաւ կը պատճառէր: Բայց յետոյ եկան սրտցաւ թիւերը… Լոնտոնեան The Financial Times Stock Exchange-FTSE 250 ընկերութիւններու գործարարներու խորհուրդի անդամներուն միայն 7.8 տոկոսը կանայք են, ինչ որ կը նշանակէ ընդհանուր FTSE-350 ընկերութիւններու գործադիր տնօրէններուն միայն 2 տոկոսը կանայք են:
Քոթա՞. ինչո՞ւ համար քոթա:
Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ հայ հասարակութեան մէկ կարեւոր մասը կը պահանջէ, որ կիները իրենց բնական տեղը ունենան գործարար աշխարհին մէջ: Քաղաքական ու տնտեսական աշխարհին մէջ կանանց աւելի տեղ տալու մասին իսկապէս հռետորական խօսքեր կը հնչեն ամէն կողմէ: Սակայն շատ քիչեր կը հաւատան, որ պատասխանը, միջոցը, քոթաներն են: Հաւանաբար կ՛արժէ քննել, թէ արդեօք քոթաները արդիւնաւէ՞տ են այլուր, ի՞նչ կ՛ըսեն ուրիշ երկիրներու փորձառութիւնները:
Փաստօրէն, քոթաները շատ լաւ կը գործեն Շուէտի կամ Նորվեկիոյ մէջ: Սակայն պիտի ըսէք Սկանտինաւեան երկիրները բացառութիւն են: Սկանտինաւները ապուշներ են, ի՛նչ որ ըսես՝ կ՛ընեն. նոյնիսկ խոր անտառներուն մէջ այս «տմպոները» ինքնաշարժ վարած ատեն արագութեան օրէնքները կը յարգեն:
Սկանտինաւները մէկ կողմ ձգենք, վերադառնանք մեր ցաւին:
Գործադիր խորհուրդներու վրայ կիներու ներկայութիւնը, ի՛նչ խօսք, կարեւոր է, սակայն նոյնքան կարեւոր է կին գործարարներու գոյատեւումը ապահովող եւ մանաւանդ անոնց թիւը բազմապատկելու նպաստող միջոցներու յառաջացումը: Այստեղ կարեւոր դեր ունին քաղաքական կուսակցութիւնները: Արագ քննեցէք մեր հասարակութիւնը եւ պիտի տեսնէք, թէ ո՛ւր եւ ինչպիսի՛ ասպարէզներու մէջ կ՛աշխատին մեր կանայք: Հայրենի համալսարաններու շրջանաւարտ հայուհին գրեթէ բացակայ է տնտեսական աշխարհէն: Ամէն օր շեշտակիօրէն կ՛աւելնայ կարիքը տնտեսական աշխարհէն հասկցող, ֆինանսական ու դրամական շուկաներէն հասկցող կանանց:
Մեր հայրենիքէն ներս գոյատեւող տնտեսական դժուար պայմաններու առաջին զոհը հայ կինն է. կանայք ամէնէն աւելի տուժողներն են, որովհետեւ անոնց եկամուտը մեծ չափով կախեալ է պետական հիմնարկներէն: Կուսակցութիւնները ոչ մէկ աշխատանք տարած են հայ կիները տնտեսապէս ուժեղացնելու, տնտեսապէս անկախացնելու համար, եւ բոլորս քաջ գիտենք, որ տնտեսական ու-ժին ինքնաբերաբար կը հետեւի քաղաքական ուժը: Տնտեսապէս անկախ կինը նաեւ անկախ մտածող է:
Եթէ կանայք սպասէին տղամարդոց բարի կամեցողութեան, ապա այսօր կինը ընտրելու իսկ իրաւունք չէր ունենար:
Եթէ սպասենք, որ տղամարդիկ բարի կամեցողութիւն ցուցաբերեն եւ տնտեսական աշխարհէն ներս հանդուրժեն հայ կնոջ ներկայութիւնը, ապա մենք՝ կիներս, միշտ պիտի մնանք կախեալ ուրիշի խաղի օրէնքներէն:
Այսօրուան իրավիճակին պատասխանատու ենք մենք, հայ կանայք: Կարծես հայ կինը ուրախութեամբ տղամարդոց կը վերապահէ այն մեծ որոշումները, որոնք կը ձեւաւորեն մեր կեանքն ու մեր աշխարհը: Կարծես հայ կանայք եւս գոհ են status quo-էն: Կարծես անոնք կը հաւատան, որ այս ձեւով կրնան հակակշռել իրադարձութիւնները, նուազագոյնի հասցնել վնասները: Սակայն քաջ գիտենք, որ աշխարհը մեզի պիտի չի սպասէ, որ status quo-ն մնայուն վիճակ չէ: Տնտեսական տագնապը պիտի շարունակէ յատկապէս ցաւցնել կիները:
Հայ գործարարները, յատկապէս՝ հայ կին գործարարները, պէտք է դառնան մեր ուշադրութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 21րդ դարու յարիր ընկերվարական ծրագիրի կիզակէտը:
Եթէ հայ կինը կ՛ուզէ ունենալ աշխատանք, ապա չի կրնար ձեւացնել, որ «պիզնես»ը կարեւոր չէ: Այս կարեւոր գործը իրաւունք չունի վստահելու տղամարդոց՝ ինչ ալ ըլլայ անոնց քաղաքական հակումը, աջ կա՛մ ձախ:
Փափկասուն օրիորդներ, տիկիններ, աջակողմեան, ազատական կա՛մ ձախակողմեան մտածումի տէր հայուհիներ, ժամանակն է խելամիտ ըլլալու: Եւ թերեւս ժամանակն է մեր շատ-շատ բարձր կրունկները պահարանին խորերը ձգելու… կա՛մ ալ՝ աղբանոց շպրտելու:
* քոթա = տոկոսաչափ
ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ