«Ազատ Օր»ի ընթերցողը անպայմանօրէն հետեւեցաւ թեմակալ առաջնորդ սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան կողմէ մամուլին յանձնուած սրտառուչ «կոչ»երուն, այլեւ երբեմնի տնօրէններուն, վաստակաշատ ուսուցչուհիի եւ այլոց գրութիւններուն, որոնք հրաւէր մը ըլլալէ աւելի ահազանգ մըն էին ուղղուած յունահայութեան յատկապէս, տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող ահռելի բացի մը չէզոքացումը ապահովելու սուր մտահոգութենէն թելադրուած։
Կոչեր՝ որոնք անգամ մը եւս կուգան նիւթական աջակցութիւն խնդրելու յունահայ մեր ազգակիցներէն, վառ պահելու համար հայ դպրութեան լուսոյ վառարանները։
Հաւաքական եւ հանրային մեր կեանքէն ներս նորօրինակ երեւոյթներ չեն մամուլով տրուած կոչերը, մշակութային կամ կրթական կարիքի մը գոհացում տալու մտահոգութենէն տագնապած։
Պիտի չուզէինք անդրադառնալ այն յանկերգին, երբ խօսքը առաւելաբար կը կեդրոնանայ հայկական մեր դպրութեան օճախներուն եւ կրթութեան մեր տաճարներուն, որոնք անկասկածօրէն կոչուած են փրկարար առաքելութեան մը եւ նուիրական դերակատարութեան մը՝ սերունդներու կրթա-դաստիարակչական մարզերէն ներս, քիչ մը ամէն տեղ։
«Կոչ»երու ընթերցումը աւարտող ամէնէն բարեացակամ ու գիտակից անձն անգամ պիտի չկարենայ ժխտել այն բացայայտ իրողութիւնը, որ մեր վարժարանները տնտեսական սուր տագնապ մը կը դի- մագրաւեն, դէմ յանդիման գտնուելով հսկայ բացի մը առջեւ, որը անմիջական ու ծանր պարտաւորութիւններու տակ կը դնէ այդ հաստատութիւնները մատակարարող պատասխանատու մարմինը, որուն համար ուրիշ լուծում գոյութիւն չի կրնար ունենալ եթէ ոչ գոյացնել շօշափելի գումար մը, անմիջական եւ հրամայական պարտաւորութիւններու գոհացում տալու համար, որը ծանր կապարի մը նման կը ճնշէ Ազգային վարչութեան ուսերուն վրայ։
Եկէ՛ք անգամի մը համար թերթատենք վերջին տասնամեակներու հայ մամուլի էջերը ու դուք առանց դժուարութեան պիտի տեսնէք, որ ամէն տեղ ու ամէն երկնքի տակ կրթական մեր հաստատութիւնները ժամանակ առ ժամանակ կարիքը ունեցած են նիւթական աջակցութիւններու, հայ նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութեան եւ կրթութեան համար վարժարան մը բանալու կամ հաւաքատեղի մը կառուցանելու, մէկտեղելու համար պատանի եւ երիտասարդ սերունդը։
Հաւաքական մեր կեանքէն բխած ամէն յաջողութիւն իրեն մեկնակէտ ունեցած է մեր ժողովուրդի գիտակից եւ առողջ տարրը, որոնք օգնութեան հասնող բոլոր «կոչ»երուն ժամանակ քսակ բացած են ու անհատական թէ հաւաքական մեծագումար նուիրաբերութիւններով թեթեւցուցած են ծանր բեռը մեր բոլոր Մարմիններուն։ Չենք կասկածիր նաեւ, որ շնորհիւ բարեսիրտ ու ազնուահոգի նուիրատուներու եւ ազգակիցներու, որոշ չափով կարելի եղած է այդ կարիքներուն գոհացում տալու, բայց դեռ նիւթական հարցը կը շարունակէ մտահոգել պատկան մարմինները։ Պատճառները մարդոց մօտ փնտռելէ աւելի պէտք է փնտռել ժամանակի եւ ապրուստի տարապայման սղութեան եւ կեանքի հետզհետէ դժուարացող պայմաններուն մէջ, ուր եկեղեցական հաստատութիւններ թէ կազմակերպութիւններ, հակառակ այդ բոլորին դեռ կը ճգնին ու կը պայքարին կարելիութեան եւ միջոցներու ներած չափով թեւ ու թիկունք կանգնելու հաւաքականութիւններու գոյութիւնը պայմանաւորող եւ տեւականացնելու ձգտող յատկապէս կրթական հաստատութիւններու գոյատեւման։
Փորձեցէք ջնջել հայ մարդուն մէջէն նուիրումի եւ նուիրատուութեան ոգին ու պիտի տեսնէք որ պիտի կասի հանրային մեր կեանքը։
Սփիւռքեան մեր կեանքը անվարձ ծառայութիւն է։ Մարտնչում է՝ ներքին դժուարութիւններու թէ յարաբերական խոչընդոտներու դէմ։ Կամաւոր նահատակութիւն է՝ նիւթական անձկութեանց եւ բարոյական ճնշիչ տագնապներու ճամբով։
Մեր օրերուն քանի՞ հոգի կրնայ լրիւ կշռել անվարձ հայ մարդոց գործելու պատրաստակամութիւնը եւ կրթական կարիքներու հասնելու նուիրումի եւ նուիրատուութեան ոգին, այնքան ատեն որ զրկանքի եւ յաւելեալ յոգնութեան գնով աշխատելու եւ տալու յօժարակամութիւնը չի բխիր այս գիտակցութենէն։ Հանրային կարծիքը յաճախ վիրաւոր եւ խոցելի եղած է բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք իրենց նուիրումի եւ նուիրատուութեան ոգիով հանդերձ անտեսումի ենթարկուած են։ Այնուամենայնիւ, քիչեր են անոնք, որոնք անտեսելով ամէն բարբաջանք շարունակած են ու կը շարունակեն իրենց անշեղ ուղին եւ նուիրատուութեան հանգանակը դարձուցած են կեանքի նոր կարգախօս, ի խնդիր հաւաքական մեր գոյութեան եւ կրթական մեր հաստատութիւններու գոյատեւման։
Կը սիրենք հաւատալ որ մեր ժողովուրդի հայ դպրոցի գոյութիւնը տեւականացնելու տագնապանքին եւ բծախնդրութեան եւ այս օրերուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային վարչութեան միահամուռ ճիգերը՝ նուիրահաւաքումի աշխատանքին մէջ, լաւագոյնս պիտի արդիւնաւորուին շնորհիւ գիտակից եւ ազնուասիրտ մարդոց նուիրատուութեան ոգիին, միշտ վառ ու կանգուն պահելու համար մեր հայ վարժարանները, յատկապէս մեր գաղութէն ներս։
Տարակոյս չունինք, որ հանգանակիչ մարմինը, աչքի առաջ ունի յայտնի բայց ցարդ յայտնի դառ- նալէ խուսափող հայ ունեւորներու ցանկը եւ մանաւանդ անհատական թէ բարեկամական շփումներու ճամբով մանրամասնօրէն պարզելէ ետք անոնց արտակարգ ստիպողականութիւնը եւ փրկարար աջակցութիւնը, պիտի յաջողի ստեղծել անհրաժեշտ սրտաշարժը եւ անոնց գործօն հետաքրքրութիւնը։ Ահա թէ ուր կը կայանայ «կոչ»երու կենսականօրէն էական եւ դժուարին բաժինը։
Այս հրամայականէն առաջնորդուած, մեր համոզումն է, որ յունահայութիւնը իր բոլոր մարմիններով եւ կազմակերպութիւններով, պիտի չթերանայ գաղութային տարողութիւն ունեցող տագնապի լուծման համար յայտարարուած նուիրահաւաքումի արշաւին մասնակից դառնալու իր բարոյական եւ նիւթական պարտաւորութեան մէջ։
Իրողութիւնը այն է, որ մեծագումար բացերը բացառիկ նուիրատուութիւններով միայն կրնան դարմանուիլ, ձերբազատելով մեզ մտալլկիչ կացութենէն։ Նախատեսուած հարիւր հազար եւրոն, ներկայ մեր օրերու կեանքին մէջ խոշոր գումար մըն է հաւանաբար, բայց յունահայութեան համար անկարելի նպատակակէտ մը չէ վստահօրէն, եթէ ամէն անհատ գիտակցի, որ դպրութեան մեր օճախներուն գոյութեան եւ գոյատեւման հարցն է խնդրոյ առարկան։
Չենք կրնար տոկալ առանց նուիրատուութեան։
Չենք կրնար տեւել առանց նուիրատուութեան։
Չենք կրնար ազգային մեր ինքնութիւնը պահել ու պահպանել առանց նուիրատուութեան, որ Սփիւռքեան առողջ կառոյցի մը հիմնական շաղախը ըլլալու կոչուած է։
Այս համոզումով, աւելի քան երբեք վստահ ենք, որ ոչ միայն աթենահայութիւնը այլեւ յունահայութիւնը ամբողջ թեւ ու թիկունք դառնալու իր պարտաւորութեան մէջ պիտի չթերանայ, ուս պիտի չթօթուէ ու կռնակ պիտի չդարձնէ յայտարարուած «կոչ»երուն, այլ ձեռքը գրպան պիտի տանի ու լիաբուռն պիտի մասնակցի հեռախօսային նուիրահաւաքումի արշաւին, հայու պայծառ գիտակցութեամբ, որպէսզի՝ Հայ դպրոցը մնայ պատի՛ւը հայուն,
Հայ դպրոցը դառնայ գոյութեան եւ գոյատեւման ամրո՛ցը հայուն, հայու ապագայ զաւակներուն՝
Մե՛ր զաւակներուն։
Սատարել հայապահպանման սրբազան գործին։ Ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր կարգախօսը՝ գալիք բոլոր օրերուն։
ՎԱՐԱԳ Ա. ՔՀՆՅ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ