- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Իրականութեան չի համապատասխաներ խորհրդայնաբոյր այն կարծիքը, թէ նորագոյն պատմութեան մէջ հայոց անկախ պետականութիւնը ստեղծուեցաւ ուրիշներու կամքով: Անշուշտ կասկածէ վեր է, որ կովկասեան տարածաշրջանէն ներս խմորուած կացութիւնները իրենց դերակատարութիւնը ունեցան հայութեան ճակատագրի ուղղութեան տեսանկիւնէն. ատիկա երբեք չի նշանակեր սակայն, թէ անոնք միակ տուեալն էին հայոց պետականութեան վերածնունդին:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Պուլկարացի լրագրող Ցվեթանա Փասքալեւա իր «Ղարաբաղի վէրքերը» ժապաւէնին մէջ երբ արցախցի հերոս Աշոտ Ղուլեանին հարց կու տայ, թէ ի՛նչ երազ ունի արցախեան պայքարի աւարտէն ետք իրականացնելիք, Աշոտ Ղուլեան փափաք կը յայտնէ նաւով մը շրջան ընել աշխարհի շուրջ, հանդիպիլ սփիւռքահայ իր եղբայրներուն եւ տեսնել, թէ անոնք ինչպէ՛ս կ՛ապրին եւ իրենք զիրենք հայ կը զգան:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Հալէպ չեմ ծնած, բայց փոքր տարիքէս միշտ կապուածութիւն մը ունեցած եմ Հալէպին եւ անոր միջոցով‘ սուրիական երկրին հետ: Կապուածութիւնս կու գայ այն իրականութենէն, որ ծնողքս՝ հայրս եւ մայրս, բնիկ հալէպցիներ են:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Հայ մանկա-պատանեկան գրականութեան ամենէն շատ սիրուած, ամենէն շատ կարդացուած, բազմիցս հրատարակուած գլուխ-գործոցներէն մին է Յովհաննէս Թումանեանի «Գիքորը»։
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով: