«Հասկնալի է որ մեր կեցուածքը երբեք պիտի չկայանայ ուրանալու կամ նուազեցնելու մէջ հսկայական տառապանքը հայ ժողովուրդին, ոչ ալ անոր ցաւը կորսնցուցած ըլլալու իր նախահայրերու հայրենիքին մեծ մասը»:
Էնկին Սոլաքոկլու,
Փարիզի Թուրքիոյ դեսպանատան
բանբեր
Կարծէք նախահայրերու հայրենիքը կը դադրի նորերու հայրենիք ըլլալէ:
Երկրորդ անգամն ըլլալով կÿանդրադառնամ Էնկին Սոքակլուի ունեցած արտայայտութեան, Ֆրանսայի Ծերակոյտի ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման հարցով ունեցած արտայայտութեան, ֆրանսական «Նուվէլ Օպսէրվաթէօր» շաբաթաթերթին մէջ: Դիւանագէտի արտայայտութիւնը Ծերակոյտի քննած եւ քուէարկած, ապա անոր անդամներէն ոմանց կողմէ հակասահմանադրական համարուած հարցէն աւելի ուշագրաւ է: Նոյնիսկ Հանրապետութեան նախագահի անմիջական եւ դրական հակազդեցութենէն, որ Սահմանադրական Խորհուրդին կողմէ յարուցուած արգելքի պարագային, ինք պատրաստ է նոր օրինագիծ մը ներկայացնելու:
Հաւանօրէն դիւանագիտական ճապկումով, Էնկին Սոլաքոկլու «Հայկական Հարց»ը դրած է ճիշդ հունի մէջ: Այդ «Հարց»ը հայոց հայրենիքի բռնագրաւուած «ՄԵԾ ՄԱՍ»ին կը վերաբերի: Ցեղասպանութիւնը, ըլլալով հանդերձ մարդկութեան դէմ անժամանցելի ոճիր, ՀԵՏԵՒԱՆՔ է, որուն ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌԸ ԿԱՆԽԱՄՏԱԾՈՒԱԾ ՈՃԻՐ ՄԸՆ Է, ինչպէս ինք պարզացուած ձեւով կը բացատրէ, ԱԶԳԻ ՄԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ «ՄԵԾ ՄԱՍԸ» ՎԵՐՋՆԱԿԱՆԱՊԷՍ ԻՒՐԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: Ինք կ'ըսէ «կորսնցուցած ըլլալ», կարծէք գրպանէ ինկած թաշկինակ մը կորսնցնելու պէս, այդպէս, առանց ՄԻՏՈՒՄի պատահած դէպք մը, ճամբան կամ խճողումի մը ընթացքին:
Հայ հանրային կարծիքը, ցեղասպանութեան ճանաչման առթած մխիթարութեան եւ գինովութենէն անդին, կարծեցեալ դիւանագիտութեան մը հետեւելով, որ կ'ուզէր բարեկամներու եւ նուազ բարեկամներու համար ընդունելի պահանջով ներկայանալ, ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆի կարգախօսով չէր ներկայանար, անոր «իմաստուն» բացատրութիւն ճարելով, ըստ որուն «անոր ժամանակն ալ կու գայ»: Էնկին Սոլաքոկլու, գիտակցաբար, կամ իր դիւանագիտական ճապկումի ճամբուն վրայ, կը բերէ Հայկական Հարցին յստակացումը: ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԵԾ ՄԱՍԻՆ ԿՈՐՈՒՍՏԻ ՀԱՐՑԸ, որ միջազգային աւազակութիւն մըն է: Ինչո՞ւ Ֆրանսան չհաշտուեցաւ Ալզաս-Լոռէնի կորուստին, եւ ինչպէս կÿըսուէր, իր աչքերը յառած մնացին «Վոժ լեռներու կապոյտ գիծին»:
Եթէ Էնկին Սոլաքոկլուի մտածման հետեւինք, այդ կորսուած հայրենիքի մեծ մասը անցեալին եղած է հայկական, այդքա՛ն: Բայց յաճախ մենք ի՞նչ ըսած ենք եւ ի՞նչ կÿըսենք: Կÿըսենք՝ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ: Այդ եզրը կը գործածեն նոյնիսկ անոնք որոնք պատմութիւն գիտեն: Չեմ խօսիր անոնց մասին որոնք հիմնահարցերը կարգախօսի կը վերածեն: Երբ կÿըսենք ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, միթէ՞ կÿընդունինք որ ԲԸՌ-ՆԱԳՐԱՒԵԱԼ ՄԵԾ ՄԱՍԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ կը բաղդատուի Իրաք դարձած ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԻ: Հայ քաղաքական-քարոզչական բարբառին մէջ, ազգավնաս տգիտութեան դրոշմով ներկայացող արտայայտութիւն է ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆը: Եթէ Թուրքիա համոզուի որ հայ ժողովուրդին համար ԲՌՆԱԳՐԱՒԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՍՈՍԿ ՊԱՏՄԱԿԱՆ Է, կրնայ յայտարարել որ պատմութեան ընթացքին գործուած է ծանրակշիռ սխալ մը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Բայց ինք գիտէ որ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ԷՐ ՀՈՂԻ ՀԱՄԱՐ:
Սովետները կÿըսէին որ հողային պահանջ չունէին Թուրքիայէն:
Վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ նա խագահը, (չ)իմաստութեամբ կ'ըսէր որ «պատմութեան էջերը կարելի չէ վերստին գրել»:
Հիմա նոր բառ կայ, որ կÿընկերանայ ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին. ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ: Երբ բառը գործածուի առանց յստակացման, օր մը մենք մեզ ազգավնաս անակնկալներու առջեւ կրնանք գտնել:
Երեւակայենք հետեւեալ դիպաշարը: Միջազգային ընտանիքը, յանկարծ բռնկելով բարեսիրական եւ համամարդկային զգացումներով, վերջ տալու համար աւելի քան դարէ մը ի վեր անհանգստացնող «Հայկական Հարց»ին, որոշէ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ ԸՆԵԼ, եւ հայկական վնասները վերածել գումարի, եւ առաջարկել տասը, քսան հարիւր կամ աւելի միլեառ տոլար տայ ՀԱՅԵՐՈՒՆ, ինչպէս ապահովագրական ընկերութիւնները տուին, եւ հայերուն առաջարկեն իրենց հայեցողութեամբ բաժնել այդ հարստութիւնը: Ի վերջոյ, ինչ որ առաջարկեն «հատուցում» է: Եւ մենք մեր «ճառեր»ով հատուցում կը պահանջենք: Ի՞նչ պատասխան պիտի տանք, պետութիւն եւ սփիւռք(ներ): Չÿարժե՞ր գիտական հարցախոյզ մը կատարել…
Ինչ որ կը պահանջուի, կամ պէտք է պահանջուի, հատուցում չէ, ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ Է, որ պարզապէս Էնկին Սոլաքոկլուի «հայոց հայրենիքի կորսուած մեծ մասի» ՎԵՐԱԴԱՐՁն է:
Այս վերականգնումն է Հայկական Հարցին լուծումը, որուն հետապնդման համար կենսական նշանակութիւն ունին ենթակայական ազդակներ, մշակոյթ, լեզու, ինքնութիւն, ազգային տեսանկիւնէ անգրագիտութեամբ չառաջնորդուելու գիտակցութիւն, որոնց բացակայութիւնը ազգը կÿառաջնորդէ օտարման (alienation), այլասերման, ինչպէս ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ շիջումը, որուն այլ մէկ աղիտալի պատկերն է ինչ որ յաճախ կը կոչեմ աղէտ-արտագաղթ, եւ կրաւորակա- նութեամբ զայն ընդունող զգացական հանդուրժողութիւնը:
Ոչ «պատմական Հայաստան», ոչ «Հայաստանի կորսուած մեծ մաս», այլ պարզապէս ՀԱՅԱՍՏԱՆ, որուն մեծ մասը, շնորհակալութիւն պարոն Էնկին Սոլաքոկլուի, ինք կÿըսէ «կորսուած», իսկ մենք կÿըսենք «բռնագրաւուած», եւ եթէ այդպէս ըսենք, ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին անցնելով, կը մտնենք ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԻՍԿԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈԼՈՐՏԸ:
Ի հարկին՝ անհագստանալով եւ անհանգստացնելով: Այս արդէն յանձնառութեամբ բնորոշուող այլ հարց է:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ