- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Գրած ենք ասկէ առաջ, անգամ մը եւս կը կրկնենք, որ գաղութային բոլոր գործօնները պաշտպանական բերդի պարիսպներ են, իսկ վարժարանները մեր գլխաւոր ու ամէնէն վստահելի ապաւէնն է՝ համազօր միջնաբերդի: Ճակատագրական հանգրուանին ահազանգ կը տրուի. որպէսզի բոլոր ուժերը միջնաբերդ կեդրոնանան՝‘տոկալու եւ վերապրելու մարտը հոնկէ շարունակելու համար:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Խօսքս չի վերաբերիր Չարենցի նայիրեան աղջիկներէն մէկուն, ոչ ալ Երկիր Նայիրիին, որ պատմական Հայաստանի ամենէն հին բնորոշ անուններէն մէկն է՝ ծննդավայրը հայ ժողովուրդի, այլ այս վերջինի անունը կրող հիմնարկին ու անոր կայքին՝ Nayiri.com-ին։
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Մեր թերթի գործակից Մարգար Շարապխանեան հինգ մասերէ բաղկացած իր յօդուածաշարքին մէջ կÿանդրադառնայ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին:
Ստորեւ կը հրատարակենք շարքի վերջին մասը:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
(Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան առիթով)
Նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեանի եւ հովանաւորութեամբ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան, Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 85ամեակի ծիրէն ներս, Կիրակի 4 Մարտ 2012ի առաւօտեան, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ,
1958: Գոքինիոյ մասնաճիւղի վոլէյ պոլի խումբը