- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Հանճարեղ արուեստագիտուհի Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան ներկայացումներու շարք մը իրագործած է Պէյրութի, Տուպայի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի մէջ: Ազգային եւ գաղութային հարցերու վերաբերեալ իր սուր ընկալումը եւ խորին մտահոգութիւնը արտայայտուած է հետեւեալ յօդուածաշարքին մէջ, որ պիտի հրատարակենք եօթ շարունակական մասերով, իւրաքանչիւր Ուրբաթ օր:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Հոգու վսեմ հրաշքով լի,
Ինչպէս արեւ, լոյս բիւրեղեայ,
Հեռու անհաս լեռնաշխարհում,
Արեւակունք՝ մի երկիր կայ...
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Ճգնաժամային եւ վտանգաւոր օրեր կ՛ապրինք մենք բոլոր հայորդիներս, սկսելով Հայաստանէն մինչեւ հեռաւոր Ամերիկաներ, Աւստրալիա եւ անշուշտ յատկապէս՝ Սփիւռքահայութեան սիրտերէն մէկը նկատուող Հալէպը, որ յատկապէս անցեալ դարասկիզբին, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայորդիներու համար եղած էր փրկութեան լաստ:
- Details
- Category: Յօդուածագրութիւն
Տարբեր է, երբ աշխարհի հրաշալիք նկատուող կոթող մը կը դիտես մօտէն եւ իրողապէս կը զգաս քանդակին ստեղծագործական հմայքն ու անոր մշակութային եւ պատմական արժէքը: Այս զգացումը ունեցայ Յուլիս 2012-ին, երբ կը դիտէի Իտալիոյ Փիզա քաղաքին նշանաւոր կոթողը՝ ծռած աշտարակը… Իր հմայքով ան իսկապէս արժանի է աշխարհի եօթը հրաշալիքներուն շարքին ըլլալու: