Ճգնաժամային եւ վտանգաւոր օրեր կ՛ապրինք մենք բոլոր հայորդիներս, սկսելով Հայաստանէն մինչեւ հեռաւոր Ամերիկաներ, Աւստրալիա եւ անշուշտ յատկապէս՝ Սփիւռքահայութեան սիրտերէն մէկը նկատուող Հալէպը, որ յատկապէս անցեալ դարասկիզբին, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայորդիներու համար եղած էր փրկութեան լաստ:
Աւելի քան տարիէ մը ի վեր ներքին քաղաքացիական պատերազմն ու խռովութիւնները այնպիսի մակարդակի հասած են, որ երկիր Սուրիան կ՛ուղղուի դէպի անդնդային անորոշութիւն: Սակայն դեռ աւելին այս ապառնիի մտահոգութեան կողքին, ներկան է որ ահազանգի կը մատնէ հայորդին: Ահաւասիկ շաբաթներէ ի վեր, բախումները հասած են հայահոծ Հալէպ եւ հայկական շրջաններէն հազիւ քանի մը թաղ անդին կը կատարուին կոյր ռմբակոծումներ:
Մտահոգ ենք, սակայն երբե՛ք յուսալքուած եւ յուսախաբ…: Արդէն իսկ, չափազանցուած լուրեր սկսած են տարածուիլ թէ մասսայական գաղթ մը կրնայ կատարուիլ, յատկապէս Հայաստան եւ այլուր: Նմանօրինակ «այսօր»եական կարծիքներ եւ մտայղացումներ կրնան նկատուիլ ոչ թէ միայն անհիմն, այլ նաեւ չափազանցուած: Բնական է որ, երբ խիտ բնակչութիւնով քաղաքի մը անդորրութիւնը կը խախտի, շրջանի անմեղ բնակչութեան մեծ մասը կը նախընտրէ խոյս տալ այդ իրավիճակէն, մի՛շտ վերադառնալու միտումով: Բնականաբար, կը պատահին բացառութիւններ եւ փոքր մասնիկ մը, կ՛որոշէ առ յաւէտ հեռանալ շրջանէն անձնական եւ բանաւոր պատճառներով:
Ճակատագիրն ու պայմանները այնպիսի կացութիւն մը ստեղծեցին որ, կրթական բնագաւառէն ներս, արդէն իսկ տարեշրջանը աւարտած էր, երբ բախումները բախեցին մայրաքաղաք Դամասկոսի, ապա տնտեսական մայրաքաղաք Հալէպի դռները:
Սակայն ամառնային արձակուրդէն ետք ալ, անորոշ կացութիւնը կրնայ ուղղակիօրէն իր ազդեցութիւնը ունենալ կրթական տարեշրջանին, եւ առ հասարակ կրթական ոլորտին վրայ:
Տնտեսական դաժան պայմանները սկսած են մէկ առ մէկ, ազդել հայորդիներու երդիքներէն ներս: Դադրած է սովորական կեանքը…եւ փոխարէն արտասովոր պատերազմական մթնոլորտն է որ կը տիրապետէ:
Բա՛յց…հոս կարեւոր եւ անյետաձգելի պարտականութիւն մը ունինք կատարելիք մենք հայորդիներս: Պէտք է որ շտապօրէն օժանդակենք հայպահպանման կռուան հանդիսացող Սուրիոյ եւ յատկապէս Օշականներու, գթասիրտ Քարէն Եփփէներու եւ այլոց դասաւանդած, հիմնած ու թրծած կրթօճախներուն:
Խմբազրական «Հայրենիք»ի