Ուրախ  ու զուարթ նշենք մեր աւանդական ու տօնական օրերը

Երբ տօնական ու աւանդական օրերը ժողովուրդին համար իմաստ
չեն ներկայացներ, այդ ատեն ժողովուրդը կը սկսի քայքայուիլ

Տօնական ու աւանդական օրերը ժողովուրդներու մշակոյթը, անցեալը, պատմութիւնը ու կենցաղը կ’արտացոլացնեն, իսկ անոնց 

վերյիշումը կամ նշումը՝  այդ հաւաքականութեան կամ ժողովուրդին էութեան, գոյատեւման ու կենսունակութեան փաստերն են: Որքան ատեն որ, մենք, մեր աւանդական ու տօնական օրերը կը վերյիշենք, այնքան ատեն կը գոյատեւենք ու կ’ապրինք, կը մնանք միասնականութեան մէջ եւ չենք քայքայուիր։
Հայ ժողովրդական, աւանդական ու եկեղեցական տօները դարեր շարունակ նշուելով կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ: Տօները  ծնունդ առած են հայ ժողովուրդի ուրոյն կենցաղէն, մշակոյթէն, հաւատքէն, սովորութիւններէն, աւանդութիւններէն ու անցեալի կուտակումներէն:Հայ ժողովուրդի տօներու  պատմականը կը հասնի  նախաքրիստոնէական հեթանոսական  հին շրջաններուն. այդ շրջաններուն տօնահանդէսներու նշանակութիւնը ու իմաստը կը կապուէր կռապաշտութեան  հետ ու տօները կը նուիրուէին չաստուածներու:
Երբ հայ ժողովուրդը քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս որպէս պետական կրօնք ընդունեց, տօներու  մեծամասնութիւնը  նախաքրիստոնէական հայ կեանքի մէջ իբրեւ աւանդական տօն ամրապնդուած էր:  Քրիստոնէական շրջանին այդ տօները քրիստոնէութեան սկզբունքներուն  յարմարեցնելով՝  շուտով ընդունելիութիւն գտան քրիստոնեայ հայ կեանքին  մէջ:
Հայ եկեղեցւոյ կողմէ, այդ տօներու  եկեղեցական որոշ անուններ տրուելով եւ նաեւ հայ ժողովուրդի կողմէ ալ իւրացուելով, դարերէ ի վեր հայ կեանքի մէջ կը վերյիշուին ու կը տօնուին այդ տօնական ու աւանդական օրերը:
Այս տարի Կիրակի 12 Օգոստոսին  հայ առաքելական եկեղեցին կը նշէ Ս. Աստուածածնի  Վերափոխման տօնը, որը հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մին է եւ նուիրուած է  Ս. Մարիամ Աստուածածնի։
Ըստ աւանդութեան՝  Ս. Կոյս Մարիամը, Քրիստոսի խաչելութենէն յետոյ Յովհաննէս Աւետարանիչի խնամութեան տակ Երուսաղէմի մէջ 12 տարի պահքով ապրեցաւ, իր սիրասուն որդիի  գերազմանը այցելելով ու անդադար աղօթելով:  Այդ այցելութիւններուն ժամանակ Տիրամօր առջեւ յայտնուեցաւ  Գաբրիէլ հրեշտակապետը ու աւետեց իրեն, երկնային աշխարհէն, վերին Երուսաղէմ վերափոխուելու բարի լուրը: Տիրամայր Մարիամ Աստուածածին այս բարի լուրը ստանալէ   ետք զայն հաղորդեց  իր ազգականներուն ու մնացեալ հաւատացեալներուն, պատուիրելով որ զինք թաղեն Գեթսամանիի ձորակին մօտ: Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածին  Յովհաննէս Առաքեալէն խնդրած էր նաեւ որ ս. պատարագ մը մատուցուի, որպէսզի ինքը վերջին անգամ Հաղորդութիւն  ստանայ:
Տիրամայր Ս. Կոյսը հաղորդութիւն առնելէ վերջ անկողին կÿերթայ.  տիրամօր մահիճը կը շրջապատեն առաքեալները, երբ յանկարծ սենեակին մէջ աննկարագրելի լոյս մը կ’երեւի ու կը յայտնուի Յիսուս Քրիստոս հրեշտակներու ընկերակ- ցութեամբ. երբ Տիրամայրը իր որդին կը տեսնէ՝  հոգին կÿաւանդէ:
Եկեղեցին Ս. Կոյսի կեանքին վախճանը կ’անուանէ ոչ թէ մահ բառով, այլ «Վերափոխում» անուանումը օգտագործելով, որ Տիրամօր  երկինք փոխադրուիլը կը նշանակէ։
Ս. Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնի օրը, ս. պատարագէն ետք  Խաղողօրհնութիւն կը կատարուի, տարուայ առաջին  ընտիր պտուղի, խաղողի բերքի օրհնութեամբ
Խաղողօրհնէքը, հայ ժողովուրդի  առաջին պտուղին օրհնութեամբ Աստուծոյ նուիրելու ու գոհունակութիւն մատուցանելու բարի սովորութիւններէն մին է. պատմականը շատ հին է, նախաքրիստոնէական շրջաններուն կը հասնի, երբ փոխանակ ամէն մէկ պտուղի մի առ մի առանձին օրհնութեան,  հայ ժողովուրդի  ազնուագոյն, ընտիր ու համեղ պտուղը՝ խաղողը կ'օրհնուի: Խաղողի  հիւթէն պատրաստուած գինին Հաղորդութեան խորհրդանիշն է, որ ս. եկեղեցւոյ մէջ  հանդիսաւորապէս օրհնուելէ ետք կը նուիրուի Տիրոջ, եւ այս ձեւով  փառք տալու գոհունակութեամբ  կը մատուցուի Աստուծոյ:
Այս օր է տօնը բոլոր անոնց, որոնք հետեւեալ անունները կը կրեն՝ Մարիամ, Մարօ, Մարի, Մարիանուշ, Տիրուհի, Իսկուհի, Սրբուհի, Մաքրուհի, Թագուհի, Լուսիլ, Լուսին, Լուսածին, Լուսաբեր, Լուսամար, Լուսնթագ, Արփենիկ, Երանուհի, Արեգ, Արեւիկ, Աղաւնի, Մարգարիթ, Նազիկ, Նազենի, Տենչելի, Բերկրուհի, Պերճուհի, Անթառամ, Արուսեակ, Կուսինէ, Վերգինէ, Վերգին, Վերժին, Արշալոյս, Գեղանուշ:
Ուրախ եւ զուարթ տօնենք Վերափոխման տօնը։

Տոքթ.Սարգիս Ատամ
ԳԵՐՄԱՆԻԱ