Մեր նորագոյն պատմութեան էջերուն արձանագրուած են արդարատենջութեան ուժական արտայայտութեանց բազմաթիւ էջեր, որոնցմէ երկուքը, իրարմէ շուրջ 90 տարիներու հեռաւորութեան վրայ, կը յուշեն, որ մեր պայքարը, ի՛նչ միջոց ալ որ օգտագործած ըլլայ անիկա, ջուր կը խմէ նոյն աղբիւրէն եւ կը ձգտի հայութեան արդար իրաւունքներուն պաշտպանութեան, վերահաստատման, արդար հատուցմա՛ն:

Ամէն անգամ, որ կը մտաբերենք Լիզպոնի տղոց ինքնանուիրումի փաստը, պարտաւորուած կը զգանք, կը պարտաւորուինք մեր շրջապատի իրադարձութիւնները գնահատելու նոր չափանիշերով, պահանջկոտութեան ու լրջութեան  նոր մօտեցումներով:

Հոգու վսեմ հրաշքով լի,
Ինչպէս արեւ, լոյս բիւրեղեայ,
Հեռու անհաս լեռնաշխարհում,
Արեւակունք՝ մի երկիր կայ...

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Արդէն ամիս մըն է որ սուրիական քաղաքացիական զինեալ տագնապը անդառնալիօրէն սուրիահայ գաղութ քանդելու վտանգով յղի է։ Պարսկաստանի հիւլէական ծրագիրը, Իսրայէլի կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպոլլահի վրայ յարձակումը եւ արաբական գարունը, այն ծանր ազդակներն էին որ Սուրիան նետեցին քաղաքացիական պատերազմի մէջ, Ամերիկայի եւ Արեւմուտքի գործօն միջամտութեամբ։ Համայն հայութիւնը անզօր ականատես