«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած ըլլալով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպերթ Հատտէճեանի «Կեանքը խմբագրատունէն ներս» հրատարակութիւնը եւ ստանալով հեղինակի արտօնութիւնը՝ ամէն Ուրբաթ օր գլուխ մը կը  հրատարակէ տուեալ գրքոյկէն, ուր կը ներկայացուի հայկական օրաթերթի խմբագրատան առօրեան, ազգային մտահոգութիւններու, հայ մամուլին կապուած հարցերու քննարկումներու հանդիսադրումով, զուարթ կամ տխուր պահերու յիշատակումով:

Տպագրութեան սկսելու խնդիր

Ա.

Ամէն կէսօր, ժամը տասներկուքի ու մէկի միջեւ, երբ թերթին տպագրութիւնը պիտի սկսի, մեքենավարը առաջին տպուած թերթը կը ղրկէ իմ քով, որպէսզի վերջին ակնարկ մը նետեմ թերթին վրայ ու տպելու հրահանգ տամ։ Վերջին ակնարկ մը թերթին վրայ՝ բնականաբար ունի իր օգուտը։ Կրնամ յանկարծ տեսնել սխալ մը, թէքնիք կաղացում մը, տպագրութեան կամ գրաշարական սխալ մը որ սպրդած է սմսեղուկ կերպով։ Այդ կերպով կարելի կþըլլայ այդ սխալը սրբագրել նախքան վերջնական տպագրութեան սկսիլը։ Բայց ասիկա քիչ մըն ալ ձեւակերպական կամ կանոնական է, որովհետեւ մէկ ակնարկ մը պտըտցնելով ես ի վիճակի չեմ տեսնելու գրաշարական կամ թէքնիք ինչ ինչ սխալներ որոնք հաւանաբար պահուըտուք խաղալու պէս թաքնուած են հազարաւոր տողերուն միջեւ։ Ուրեմն, որքան ալ կանոնական կամ ձեւակերպական ըլլայ, ես ուշադրութեամբ ակնարկ մը կը պտըտցնեմ թերթին այդ առաջին օրինակին վրայ, յետոյ գլխովս կը հաստատեմ։ Ասիկա տպագրութեան հրահանգ է։ Անդին, տպարանի բաժնին մէջ, մեքենավարը, այս հրահանգս ստանալէ վերջ, պիտի սկսի թերթը տպել։
Ասիկա գործողութիւն մըն է զոր կը կատարեմ աւելի քան քառասուն տարիէ ի վեր, այսինքն այն օրէն ի վեր երբ ստանձնած եմ խմբագրի պարտականութիւնը։ Անցեալ օր, երբ նոյն շարժումը կրկնեցի ու գլխովս հաստատեցի, հաշիւ մը ըրի։ Կը նշանակէր որ քառասուն տարուան մէջ առնուազն տասներկու հազար անգամ գլխովս այսպէս հաստատած էի որպէսզի թերթին տպագրութիւնը սկսի։ Տասներկու հազար անգամ։ Կþարժէր որ երեւակայէի թէ ինչ կը նշանակէր այս թուանշանը։ Հիմա եթէ սկսէի գլուխս իրերայաջորդ կերպով վեր¬վար շարժել որպէս թերթը տպագրելու հրահանգ, որքա՞ն ժամանակ պէտք է այդ շարժումը ընէի որպէսզի հասնէի տասներկու հազարին։ Ասիկա զարհուրելի մտածում մըն էր։ Գլխով հաստատում մը ընելը որքա՜ն կարճատեւ շարժում էր, մէկ երկվայրկեան իսկ չէր տեւեր, բայց ահաւասիկ սակայն կեանքիս կարեւոր մէկ ժամանակը ես վատնած էի տասներկու հազար անգամ գլխով հաստատելու գործին։ Եւ ասիկա ըրած էի առանց նշմարելու։
Այն ատեն մտածեցի նաեւ թերթ տպելու հաճոյքին մասին։ Ի՜նչ հաճոյք էր ասիկա, Աստուած իմ։ Տաժանագին աշխատանքէ մը վերջ, ամէն օր տարբեր արկածախնդրութեան մը մէջէն անցնելէ վերջ, լաւ ու գեղեցիկ թերթ մը պատրատելու համար բոլոր գործընկերներուն հետ տքնելէ ու յոգնելէ ետք, ահաւասիկ տպագրութեան յանձնել թերթ մը, որ կէս ժամ վերջ պիտի սկսէր հասնիլ ընթերցողներու։ Ասիկա անօրինակ հաճոյք էր ինծի համար։ Ուրեմն ես կեանքիս մէջ առնուազն տասներկու հազար անգամ զգացած էի այս հաճոյքը մինչեւ այսօր։ Անօրինակ բախտաւորութիւն մըն էր, Աստուծոյ կողմէ ինծի նուիրուած շնորհ մը։ Եւ ինչ որ հրաշալի էր ինծի համար, այն էր որ տասներկու հազար անգամ թերթ տպելէ վերջ իմ զգացած հաճոյքը տակաւին կոշկոռ չէր կապած, տակաւին չէր դադրած հաճոյք ըլլալէ։ Այս ալ ուրիշ նուէր մըն էր ինծի Աստուծոյ կողմէ։
Եւ քանի որ մէկ մտածումը միշտ զիս կþառաջնորդէ ուրիշ մտածումի մը, այդ օր, երբ դարձեալ գլխովս հաստատեցի որ թերթը տպուի, ես յիշեցի դպրոցական շրջանի իմ օրերս։ Յիշեցի թէ ինչպէս ես ընկերոջս Գեղամ Սեւանին հետ դպրոցի թերթ կը պատրաստէի Մխիթարեան վարժարանի նախ միջնակարգի, ապա լիսէի դասարաններուն մէջ։ Չորս էջով պզտիկ «թերթ» մըն էր։ Ձեռագիր։ Գունաւոր մատիտներու օժանդակութեամբ պատկերազարդուած։ Ընդհանրապէս իմ ձեռագրով, բայց երբեմն ալ Գեղամ Սեւանին ձեռագրով գրի առնուած, կարելի չափով ընթեռնելի ու գեղեցիկ գիրով։ Եւ, օրուան պայմաններուն համաձայն՝ թրքերէն։ Ի՜նչ հաճոյքով կը պատրաստէինք այդ դպրոցի թերթը, որուն մէջ ես վէպեր կամ պատմուածքներ գրի կþառնէի, մեր դասընկերներուն մասին երգիծական պատմութիւններ կը գրէի։ Ատիկա ձեռքէ ձեռք կը պտըտէր, կþերթար  մինչեւ միւս դասարաններ, անշուշտ դէպի մեզմէ վարի դասարանները, որովհետեւ քաջութիւն չունէինք մեզմէ վերի դասարաններու տղոց առաջարկելու որ կարդային մեր այդ «մանկական» գրութիւնները։ Բայց վարինները յափշտակութեամբ կը կարդային։ Թերթը մեզի շատ անգամ չէր վերադառնար իսկ։ Հազիւ մէկ կամ երկու օրինակ կրցած եմ պահել անոնցմէ։ Տարիներ առաջ բարեկամ մը հին գիրքերու գրավաճառի մը քով անոնցմէ հատ մը գտած, գնած ու ինծի բերած էր։ Ապշահար մնացած էի, աչքերուս չէի հաւատացած։ Գանձ մը գտած ըլլալու չափ ուրախացած էի։ Նաեւ սակայն զարմացած էի, այսօրուան իմ ակնոցով՝ որքան մանկական բաներ կային հոն գրուած։
Ա՜խ, պիտի ուրախանա՞մ, թէ պիտի տխրիմ, եթէ անգամ մը ես ինծի յիշեցնեմ թէ դպրոցական նստարաններու վրայ բացարձակապէս չէի կրնար երեւակայել թէ կեանքիս կէսէն աւելին պիտի անցընեմ հայերէն թերթ մը հրատարակելով՝ ոչ թէ դասարանի մը համար, այլ այսօրուան ու վաղուան տասնեակ հազարաւոր մարդոց համար։ Երբ լիսէի աշակերտ էի, այնքան սիրելով հանդերձ թերթ հրատարակելը, կրնայի՞ երեւակայել թէ այս ասպարէզին պիտի նուիրուէի ուրիշ ասպարէզի մը մէջ աւելի քան քսան տարի աշխատելէ ետք։ Ես ի՞նչ կþերազէի այդ օրերուն։ Անպայման ճարտարագէտ ըլլալ։ Թերեւս բժիշկ։ Կամ ուրիշ բան։ Բայց խմբագի՞ր։

(Շարունակելի)

Ռ. Հատտէճեան
«Կեանքը խմբագրատունէն ներս» -
(Յուշատետր - 71)