«Խաչքարը Քարէ աղօթք է»
Երբ կ'անցնիք Երեւանի Արամի փողոցէն՝ անհնար է ժամանակից շէնքերու կողքին չնկատել գրեթէ բացօթեայ արհեստանոց մը, ուր կը ստեղծուին ժողովրդական վարպետ Վարազդատ Համբարձումեանի եւ իր աշակերտներուն խաչքարերը։
Մասնագիտութեամբ հագուստի ձեւաւորող է Համբարձումեան, որու խաչքարագործի ստեղծագործական կենսագրութիւնը սկսաւ 1988-ին։
«Հայ մարդը այդպէս է ստեղծուած. նոյնիսկ փոքր հասակէն մանուկները իրենց ձեռքը կþառնեն տարատեսակ գործիքներ եւ խաղալով կը սկսին քարի վրայ փորագրութիւններ ընել»։ Ան համոզուած է, որ տուֆը խաչքարի համար արարւած է, իսկ խաչքարագործութիւնը հայու ծիներուն մէջն է։
«Խաչքարը քարէ աղօթք է»։
Համբարձումեան հակուած չէ խաչքարագործութիւնը միայն մշակութային արժէք համարել։
«Այս գործընթացին մէջ կարեւոր է նաեւ հաւատքի գործօնը, որ քեզի իւրօրինակ ուժ եւ ջերմութիւն կը հաղորդէ», կը նշէ ժողովրդական վարպետը։ Ժամանակի ընթացքին համոզուած է, որ ինչքան որ ալ ստեղծագործական մօտեցում ցուցաբերես այս գործին՝ միեւնոյնն է, նոր նախշեր պիտի չյօրինես, քանի որ հայկական միջնադարեան մարմնամարզութեան մէջ իսկ խաչքարագործութեան համար օգտագործուող նախշերը վաղուց կիրառելի էին։
«Խաչքարերը Աստուծոյ կնիքներն են երկիր վրայ, սակայն քանի լեզուով այդ լեզուն խաչքարագործը կը հասկնայ», կը նշէ ան։ Եթէ դիտարկենք արուեստի տեսանկիւնէ, ապա վարպետի բնորոշմամբ, մասնագիտութեան այս տեսակը արուեստ է, եթէ արհեստի՝ արհեստ։
«Մարդու, յատկապէս Սփիւռքի մէջ ապրող մարդու կարօտի մէկ բաժինն է խաչքարը՝ սա հաստատ է», կը շարունակէ զրուցակիցս։ «Խորհրդային տարիներուն, կարծես, մարեցաւ մարդոց հետաքրքրութիւնը խաչքարերու նկատմամբ, քանի որ շատերը զանոնք մահարձան կը համարէին», կը վերյիշէ ժողովրդական վարպետը եւ կþաւելցնէ. «Խաչքարը մահարձան չէ»։ «Նոյնիսկ անցեալին խաչքարերը դրուած են այգիներու մէջ, ճանապարհներու եզրին, որպէս առատ բերքի, ջերմութեան նշան», կը պարզաբանէ խաչքարագործը։
«Աշխատանքի յաջողութեան գաղտնիքը՝ զայն սիրելու մէջ է»։
«Երբեմն կը զգաս, որ պարտաւոր ես ընել աշխատանքդ, որ ծառայութեան նման բան մը կ
'ըլլայ», կը նշէ խաչքարագործը, որ բազմաթիւ առիթներ ունեցած է դուրսը ապրելու, աշխատելու սակայն հայերնիքէն հեռու ապրիլ չէ ուզած։ «Տարիներու ընթացքին հասկցայ, որ հայ ըլլալը՝ հպարտանալու եւ պարծենալու համար չէ, հայը վարքագիծ է, ապրելակերպ, մարդկային տեսակ, հայը լաւ մարդոցմով է հայ», կþըսէ վարպետը՝ աւելցնելով, որ երբ ծանրաբեռնուած առօրեային մէջ քանի մը լաւ մարդու կը հանդիպիս՝ յոյս կուտայ ապրելու եւ արարելու։
Խաչքարագործներու աշխատանքին, որ պարբերաբար կ'ընդհատուի մուրճի ուժեղ հարուածներով, արդէն հինգ տարի է կը հետեւի «Պաքսի» անուն շունը, որ վարպետի խօսքով՝ իր անուան համապատասխան ջերմութիւն կը խորհրդանշէ։
Համբարձումեան իր աշակերտներուն ալ, ապագայ խաչքարագործներուն ալ կը յորդորէ աղօթքով մօտենալ խաչքարին, քանի որ անոր զօրաւոր դառնալուն համար հարկաւոր է նաեւ ներքին ներդաշնակութիւն։
Մեր օրերուն, երբ կառուցելու փոխարէն յաճախ անխնայ կþոչնչացուին հայկական խաչքարերը՝ վարպետի երազանքն է հիմնել խաչքարագործութեան դպրոց, ուր երիտասարդներուն կþուսուցանուի մասնագիտութեան բոլոր գաղտնիքները։
Ժողովրդական վարպետի արհեստանոցը ներառնուած է շարք մը զբօսաշրջական գործակալութիւններու քարտէսին վրայ՝ որպէս Հայաստանի խաչքարագործական հարուստ աւանդոյթներու մասին պատմող վայր։
Համբարձումեան հեղինակ է աւելի քան 400 խաչքարերու։ Իր հեղինակած խաչքարերու մեծ մասը կը գտնուին Հայաստանի, Արցախի մէջ, աշխատած է նաեւ՝ Ֆրանսայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Ռուսաստանի, Դանիոյ, Ուքարնիոյ, Սպիտակ Ռուսիոյ, Հոլանտայի, Շուէտի, Իտալիոյ, Յունաստանի եւ աշխարհի այլ վայրերու մէջ։
Հայկական մշակոյթի պահպանման աշխատանքին մէջ ունեցած աւանդին համար ժողովրդական վարպետը 2011 թուականին Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ արժանացած է նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւին՝ «Ոսկէ Մետայլ»ի։
Տաթեւիկ Գրիգորեան