Ջաւախքի հայութեան գոյավիճակին մասին մտահոգութիւնները օր ըստ օրէ աւելի ու աւելի ճնշիչ կը դառնան:

Տասնամեակներ շարունակ թուրք կեղծ պատմաբաններն ու քարոզիչները արտառոց պնդումներ կ՛ընեն այն մասին, թէ թուրքերը նախահայերն են աշխարհի տարբեր ցեղային խումբերու, ներառեալ՝ Ամերիկայի հնդիկներ, ափրիկեցի-ամերիկացիներ եւ ամենատարօրինակը՝ մելունճենցիներ՝ Ափալաչեան լեռներու թխամորթ բնակիչներ:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան «Ermenihaber.am»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ մինչեւ 1914 թուական, Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ պատրիարքարանը ունեցած է 2170 եկեղեցի եւ շուրջ 2000 դպրոց:

Հայաստանէն վերադարձած Արմենակ խորագրի բառերով դիմաւորեց զիս, եկեղեցիի մուտքին: Եւ պատմեց:   Առիթ չտալով նոյնիսկ, որ բարի վերադարձ մաղթեմ իրեն:


 

Ունիմ յարգելի եւ սրտցաւ ընկեր-բարեկամ մը, որ  շատերուս պէս մտահոգ է նորահաս սերունդներուն մօտ մայրենիին նահանջով, հայերէնով խօսակցութեան, ընթերցումի ու հաղորդակցութեան այլ միջոցներու մաշումով. մէկ խօսքով, բաժնեկից է այն մտահոգութիւններուն, որոնց մասին կը խօսինք ամէն օր, ահազանգ կը հնչեցնենք Հայաստանէն մինչեւ արտերկրի մօտակայ թէ հեռաւոր ափերը, դարմանումի միջոցներ կը փնտռենք ու կը