Երէկ Երկուշաբթի 30 Յունուարի երեկոյեան, կայացաւ եւրոպական գագաթնաժողովի նիստը, որու օրակարգին մաս կը կազմէր Եւրոպական տնտեսական կայունացման համակարգի քննարկումը։ Յունաստանի վարչապետ Լուքաս Փափատիմոս մասնակցեցաւ խորհրդաժողովին, որու քննարկումներու առանցքը կազմեց Յունաստանի տնտեսական տագնապի յաղթահարման հարցը։
Աշխատաւորներու ամսականները կրճատելու մասին Յունաստանի կառավարութիւնը եւրոպական շրջանակներու խիստ ճնշումներուն կը դիմադրէ, նոյն պահուն մերժելով Պերլինէն հնչած առաջարկը՝ երկրի նախահաշիւի կապակցութեամբ գերմանացի պաշտօնակատարի «վերահսկողութեան» ենթարկուելու մասին։
Ըստ երեւոյթին, վարչապետ Փափատիմոս համաձայնած է համախոհական իր կառավարութեան մաս կազմող ուժերու ղեկավարներուն հետ, աշխատաւորներու ամսականներուն կապակցութեամբ որեւէ յաւելեալ կրճատում չընդունիլ եւ պայքար տանիլ՝ անփոփոխ պահելու համար 13¬րդ եւ 14¬րդ ամսականները։
Խիստ բանակցութիւններու ընթացքին, Յունաստանի կառավարութեան տեսակէտը հետեւեալ նախադասութեամբ կրնայ ամփոփուիլ.¬ Զոհողութիւններ կատարել, առանց ստո- րացնող նախապայմաններ ընդունելու։
Այսուհանդերձ, Պրիւքսելի մէջ Յունաստանի դէմ կլիման ծանր է եւ բացայայտօրէն մտահոգութիւն եւ տարակուսանք կþարտայայուի, եթէ երկիրը պիտի կարողանայ պահել նախապէս կնքուած համաձայնութիւնները։