Իր կորուստը կը սգայ հայութիւնը
Ան մասնակցելով Երեւանի մէջ կայացած
2010ի «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին
իր փափաքը յայտնած էր ժապաւէն մը ստեղծել՝
«արեւշատ այս երկրին մէջ»
Համայն Յունաստանը, այլեւ շարժապատկերի եւ արուեստի միջազգային աշխարհը կը սգան կորուստը մեծահամբաւ յոյն բեմադրիչ, բազմաթիւ անգամներ պարգեւատրուած Թէոտորոս Անկելոփուլոսի: Յունաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը ցաւակցագրեր յղած է իր ընտանիքին, նշելով թէ երկիրը կը կորսնցնէ փայլուն անձնաւորութիւն մը, որ ազգային հպարտութեան առիթներ պարգեւած էր բոլորին:
Հայութիւնը եւս կը սգայ իր կորուստը: Ան կապի մէջ էր հայ բեմադրիչներու հետ եւ վերջին անգամ մասնակցած էր 2010ին Երեւանի մէջ կայացած շարժապատկերի փառատօն «Ոսկէ Ծիրան»ի աշխատանքներուն, «մասթեր քլաս» կատարելով երիտասարդ հայ բեմադրիչներու համար: Կապ կը պահէր Ատոմ Էկոյեանի հետ եւ մի քանի առիթներով ըսած էր, թէ կը գնահատէր Էկոյեանի եւ Անրի Վեռնոյի աշխատանքները:
Երեւանի մէջ իր ներկայութեան օրերուն, ան խօսելով երիտասարդ բեմադրիչներուն, եւ վարպետութեան դասեր տալով իրենց, դիտել կուտար թէ «Ես վստահ չեմ, որ իմ ֆիլմերը կարելի է համարել փորձարական, սակայն անոնք չեն տեղաւորուիր ընդհանուր հոսքին մէջ»: Ան աւելցուցած էր թէ իր ֆիլմերուն մէջ խորհրդանիշերը բաւական շատ են միշտ, առաւելապէս անոնք խոնաւութեան խորհրդանիշեր են՝ անձրեւ, մառախուղ, ծով, ձիւն,. «Ես չեմ կրնար ասոր նկատմամբ բացատրութիւն տալ, սակայն, ես գիտեմ որ ամպամած ֆիլմեր կը ստեղծեմ, արեւշատ երկրի մը մէջ, եւ կ'ուզեմ արեւշատ այս երկրին մէջ ալ ժապաւէն մը ստեղծել»:
77ամեայ բեմադրիչը արկածի զոհ գնաց Երեքշաբթի գիշեր, Տրափեցոնայի շրջանին մէջ, ուր երիզագրումներ կը կատարէր իր նոր ժապաւէնին համար:
Թաղումը տեղի պիտի ունենայ վաղը Ուրբաթ օր: