Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն հետ ոչ պաշտօնական հանդիպումի մը ընթացքին ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն անդրադարձած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման:
«Մեր ուժեղ կողմերէն մէկը այն է, որ մենք ազատ խօսքը չենք քրէականացներ: Մարդիկ կրնան ըսել գրեթէ ամէն բան, ինչ որ ուզեն. մեր երկրին մէջ այդպէս է: Իսկ միւս երկիրները, որոնց շարքին նաեւ

մեր բարեկամ եւ դաշնակից երկիր Ֆրանսան, այլ չափանիշեր, այլ պատմութիւն ունին: Սակայն մենք, յոյսով եմ, երբեք ազատ խօսքը քրէականացնելու ուղիով պիտի չերթանք», յայտարարած է Քլինթըն:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչը խստօրէն քննադատած է Քլինթընի այս յայտարարութիւնը՝ զայն Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ուրացման քաղաքականութեան մեղսակցութիւն նկատելով եւ յիշեցնելով, թէ նոնինքն Քլինթըն, ինչպէս նաեւ նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ճօ Պայտըն, նախքան ներկայ վարչակազմին գլուխը անցնիլը, հաստատած էին, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն մըն է եւ խոստացած էին զայն ճանչնալ, իշխանութեան գլուխ գալէ ետք:
Հայ Դատը նշած է նաեւ թէ Քլինթըն մօտիկ կապեր ունի Թուրքիոյ ի նպաստ լոպիներու  հետ, բայց մերժած է ամերիկահայութեան հետ հանդիպելու դիմումները: