Մինչ Թուրքիա «զուսպ լաւատեսութեան»բ համակուած է,
նախագահ Սարքոզի կը նախազգուշացնէ թէ բանաձեւը չեղեալ նկատուելու պարագային, այլ քայլերու պիտի դիմէ
Սարքոզի Պատրաստ Է Նոր Օրինագիծ Ներկայացնելու
Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը Չորեքշաբթի, Փետրուար 1ին կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի դժգոհութիւն յայտնած է ֆրանսացի ծերակուտականներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը վիճարկելու նպատակով՝ Սահմանադրական խորհուրդ դիմելու քայլին համար։
Ֆրանսայի նախագահը նաեւ նախազգուշացուցած է, որ եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը չեղեալ համարուի, ապա Հրէական Ողջակիզումի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին դէմ եւս դիմում պիտի ներկայացուի։
«Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով երկու անանուն նախարարներու՝ կը հաղորդէ, որ Սարքոզի նոր օրինագիծ պիտի ներկայացնէ, եթէ Ֆրանսայի դատական գերագոյն մարմինը հակասահմանադրական նկատէ ցեղասպանութիւններու հերքումը քրէականացնող օրինագիծը։
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը իր «Սարքոյի (Սարքոզիի) համար ցնցում մը» խորագիրով լրատուութեան մէջ կը յայտնէ, որ 77 ծերակուտականներ եւ 65 երեսփոխաններ սահմանադրական խորհուրդին դիմում ներկայացուցած են՝ օրինագիծը վիճարկելու համար։ Երեսփոխաններու շարքին էին Սարքոզիի ղեկավարած Միութիւն յանուն ժողովրդային շարժումի կուսակցութենէն 52 երեսփոխաններ եւ ծերակուտականներ։ Օրաթերթը կը նշէ, որ մեծ հաւանականութեամբ Սահմանադրական խորհուրդը օրինագիծը չեղեալ պիտի նկատէ։
Նշենք, որ ըստ «Փարիզիըն» օրաթերթին մէջ հրապարակուած վերջին հարցախոյզին՝ նախագահութեան Ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտի ժողովրդականութիւնը, բաղդատմամբ Յունուար 14ի արդիւնքներուն, երեք կէտով աւելնալով՝ հասած է 31 առ հարիւրի, իսկ Սարքոզիինը կէս կէտ նահանջելով՝ հասած է 24.5 առ հարիւրի:
Վալերի Պուայէի կարծիքը
Օրինագիծի հեղինակ Վալերի Պուայէ կը յայտնէ, թէ ինք զարմացած չէ այս օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդ հասցնելու կարգ մը ֆրանսացի ծերակուտականներու որոշումէն։ Երեսփոխանը կը յայտարարէ. «Հիասթափուած եմ անկէ, որ որոշ խորհրդարանականներ օրինականութիւնը կը գերադասեն մարդասիրութենէն։ Հակառակ անոր, որ կը յարգեմ անոնց որոշումը, որովհետեւ ատիկա անոնց իրաւունքն է, ես միեւնոյն ատեն կը կիսեմ Ցեղասպանութեան զոհերու ընտանիքներուն ցաւը»։
Ֆրանսական «Ֆիկարօ» օրաթերթը կը գրէ, թէ երեսփոխան Պուայէ յայտնած է, որ «օտար պետութեան ճնշումը չի կրնար ազդել մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ Ֆրանսայի վեհութեան վրայ։ Առաքելութիւնը տակաւին աւարտած չէ։ Այժմ սահմանադրականները պէտք է ներկայացնեն իրենց փաստերը եւ գիտեմ, որ անոնցմէ շատեր օրէնքին սահմանադրականութիւնը կը պաշտպանեն»։
Օրաթերթը կ՛աւելցնէ նաեւ, որ ծերակուտականները եւ երեսփոխանները Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը կը բողոքարկեն՝ ի երջանկութիւն Անգարայի եւ ի տխրութիւն Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի։
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսացի մէկ այլ խորհրդարանական Նաթալի Կուլէ յայտարարած է. «Ուրախ եմ օրինագիծի բողոքարկման առնչութեամբ։ Խորհրդարանին կողմէ այսպիսի օրինագիծի որդեգրումը սխալ էր, եւ մեր այս որոշումով մենք մեր խիզախութիւնը ցոյց տուինք»։
Ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, իր կարգին կը գրէ, թէ «Սարքոզի յարձակումի կ՛ենթարկուի թրքական կառավարութեան կողմէ, որ կը պնդէ, թէ մէկ դար առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հարիւր հազարաւոր հայերու մահը ցեղասպանութիւն չէր. կեցուածք մը՝ որ կը հակասէ պատմաբաններու եզրակացութեանց եւ միջազգային կարծիքին»։
Ինչպէս նախապէս ալ հաղորդած էին, խումբ մը ֆրանսացի երեսփոխաններ դիմած են Սահմանադրական խորհուրդին, որ Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը քննէ արագացուած ընթացակարգով, այսինքն՝ մէկ շաբթուան ընթացքին եւ ոչ թէ մէկ ամսուան, որովհետեւ կացութիւնը խիստ լարուած է:
Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ուղղուած է Թուրքիոյ դէմ եւ անոր նկատմամբ թշնամական վերաբերմունքի դրսեւորում է։ Էրտողան աւելցուցած է, որ Թուրքիան «հակաիսլամութեան հիւանդութեան» դրսեւորումները պիտի չհանդուրժէ, եւ Եւրոպային կոչ ուղղած է՝ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ միջոցառումներու ձեռնարկելու։
Նաեւ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարեց, թէ ամէն ջանք պիտի թափէ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու, եթէ Սահմանադրական խորհուրդը հակասահմանադրական նկատէ օրինագիծը: