Ֆրանսայի խորհրդարանի վերին պալատի կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունումը ցնծութեամբ ընդունուեցաւ Հայաստանի մէջ: Երեքշաբթի, 24 Յունուարին, Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան առջեւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական ու «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն մասնակիցները իրենց երախտագիտութիւնը փոխանցեցին Ֆրանսայի ներկայացուցչութեան:

Պահ մը Երեւանի մէջ տեղի ունեցած երիտասարդական ցոյցէն


Հաւաքին մասնակցեցան նաեւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան երիտասարդական թեւը՝ պատգամաւոր Վահէ Էնֆիաջեանի գլխաւորութեամբ:  Ֆրանսական դեսպանատան առջեւ հաւաք կազմակերպեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան «Միասին» երիտասարդական միութեան անդամները:

ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը Ֆրանսայի Օրինակին Հետեւելու Կոչ Կ՛ընէ Օպամային

Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին վաւերացումը ծանրակշիռ քայլ մըն է եւ կրնայ լաւագոյն օրինակը հանդիսանալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային համար՝ կատարելու իր խոստումները, զորս տուած էր, երբ նախագահի պաշտօնին թեկնածու էր. այսպէս յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, «Ճազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
«Հակառակ այն իրողութեան, որ աշխարհի յառաջադէմ դերակատարները, մտաւորականութիւնը, գիտնականները, լրատուամիջոցները յստակօրէն արտայայտած են Հայոց Ցեղասպանութեան եղելութեան վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումը՝ դատապարտելով ոճիրը, Անգարա կը շարունակէ ընդդիմանալ եւ կը շարունակէ հաստատ մնալ իր ժխտողական քաղաքականութեան վրայ», աւելցուց ան:
Արամ Համբարեան նաեւ յոյս յայտնեց, որ Ռուսիա, Շուէտ, Լիբանան, Յունաստան, Կիպրոս եւ շատ այլ եկիրներ, ուր Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է, կը հետեւին Ֆրանսայի օրինակին ու կը քրէականացնեն Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը:
«Ֆրանսայի Ծերակոյտի խիզախ քուէարկութիւնը Ատլանտեան ովկիանոսը հատող լոյս է՝ ուղղուած ամերիկացի քաղաքական գործիչներուն, որոնք երկար տարիներէ ի վեր կ՛արտօնեն Անգարային խոչընդոտել Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Թուրքիոյ նկատմամբ հզօրացող միջազգային ճնշումը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու 42 նահանգներու կողմէ կը վկայեն, թէ նախագահ Օպամա, որ իբրեւ նախագահական ընտրութեանց թեկնածու՝ խոստացած էր յստակօրէն ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, արտօնած է, որ օտար պետութիւն մը կասեցնէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ մարդկութեան դէմ այդ յանցագործութեան ճանաչումը: Այս առիթով մենք նաեւ կոչ կ՛ընենք Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ղեկավարութեան, որ վաւերացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան թիւ 304 բանաձեւը», եզրակացուց Համբարեան:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Նամակ Յղած Է Ֆրանսայի Նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունուար 24ին նամակ մը յղած է Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծի ընդունման կապակցութեամբ:

Ստորեւ՝ նախագահ Սարգսեանի նամակին բնագիրը.

«Մեծարգո՛յ  պարոն Նախագահ,

Այսօր Ֆրանսիան վերստին ապացուցեց իր մեծութիւնն ու ուժը, իր նուիրուածութիւնը համամարդկային արժէքներին: Այսօր բացառիկ օր է բոլոր նրանց համար, ովքեր պայքարում են մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան եւ մարդկութեան դէմ ոճիրների դատապարտման ու կանխարգելման համար:
Այսօր պատմական օր է աշխարհի բոլոր հայերի համար՝ ինչպէս Հայաստանում, այնպէս էլ Ֆրանսիայում եւ ամէնուր:
Վերջապէս, այս օրն անմոռանալի է եւ ոսկէ տառերով կը գրուի հայ եւ ֆրանսիացի ժողովուրդների բարեկամութեան դարաւոր պատմութեան մէջ:
Մեծարգո՛յ պարոն Նախագահ,
Շնորհակալ եմ Ձեր անձնական յանձնառութեան, Ձեր անգնահատելի աւանդին համար, առանց որի անհնարին կը լինէր ցեղասպանութիւնների ժխտումը դատապարտող օրէնքի ընդունումը: Երախտագիտութեան իմ խօսքն եմ ուղղում Ձեզ՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ՝ յանուն Ֆրանսիայի եւ ֆրանսիացի ժողովրդի լաւագոյն ապագայի»:

Պեռնար Քուշնէր
«Պատիժը անհրաժեշտ է պետական ժխտողականութեան դէմ»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ անցեալին Եւրոպական Միութեան Քոսովոյի ներկայացուցիչ Պերնար Քուշնէր, «Ալժերի Ֆոքուս» կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է թէ թուրքերը պէտք է բանան իրենց դիւանները եւ առերեսին իրենց անցեալին հետ: «Նախընտրելի պիտի ըլլար խուսափիլ օրէնքի խորհրդարանային քուէարկութենէն, սակայն անիկա անհրաժեշտութիւն կը դառնայ, այնքան ատեն որ դէմ յանդիման կը գտնուինք պետական ժխտողականութեան» ըսած է ան:
Նոյն պահուն, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Պեռնար Ագգուայէ հրաժարած է հանրապետութեան Սահմանադրական խորհուրդին մօտ վիճարկելու երկրին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման մասին օրինագիծին օրինականութիւնը: Յունուար 24ին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին ան նշած է, թէ Սահմանադրական խորհուրդին մէջ օ-րինագիծի բողոքարկման հարց չկայ: «Անհրաժեշտ է հասնիլ հոն, ուր բոլոր շահագրգռուած կողմերը հանգստութիւն պահպանեն: Կարեւոր է բացատրել մեր թուրք բարեկամներուն, որ այս փաստաթուղթի գրութիւնը ուղղուած չէ անոնց դէմ, հակառակ անոր որ անոնք այլ տեսակէտի հակուած են», ըսած է ան: