Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը Երկուշաբթի, Յունուար 30ին ընդունած է ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին դէմ հայցը: Դիմումը ստորագրած են 72 ծերակուտականներ՝ մեծամասնութիւնը ծայրայեղ ձախակողմեան:
Յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին խորհուրդը պէտք է քննարկէ եւ վճիռ արձակէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի սահմանադրականութեան հարցով:
Ըստ «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութեան, դիմումը ստորագրած 72 ծերակուտականներուն մեծամասնութիւնը ծայրայեղ ձախակողմեան՝ Եւրոպական ժողովրդավարական եւ ընկերային միաւորման անդամներ են: Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի միաւորման նախագահ Ժագ Մեզարին: Ստորագրողներուն մէջ կան նաեւ իշխող կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր Ընկերվարական կուսակցութեան անդամներ:
Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան երէկ Երեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին պէտք է քննարկէ եւ վճիռ արձակէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի սահմանադրականութեան հարցով, եւ եթէ օրէնքը հակասահմանադրական նկատուի, ապա հանրապետութեան նախագահը վերջին հնարաւորութիւնը ունի հարցը անգամ մը եւս՝ երկրորդ ընթերցումով՝ խորհրդարան հասցնելու: Այդ պարագային, օրէնքը պէտք է անցնի նոյն ընթացակարգով, այսինքն՝ քննարկուի եւ վաւերացուի նախ խորհրդարանին, ապա՝ Ծերակոյտին մէջ:
Ֆրանսական օրէնսդրութեան համաձայն, հանրապետութեան նախագահը օրէնքը ստորագրելու համար ունի 15 օր ժամկէտ, սակայն նոյն ժամանակամիջոցին, բողոքի իրաւունք ունեցող կողմերը կրնան դիմել Սահմանադրական խորհուրդ: Այդ դիմումը կրնան կատարել հանրապետութեան նախագահը, խորհրդարանի նախագահը, Ծերակոյտի նախագահը եւ, ըստ 2008ին վաւերացուած նոր օրէնքին համաձայն՝ 60 խորհրդարանականներ կամ ծերակուտականներ:
«Հայ համայնքը եւ Հայ Դատի գրասենեակը որեւէ նախաձեռնութեան չէ դիմած եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի քննէ հարցը ու իր դիրքորոշումը պիտի ճշդէ», ըսաւ Վարժապետեան:
Թրքական «ցնծութիւն»...
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով այս դիմումին՝ յոյս յայտնեցին, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը կը մերժէ օրինագիծը: «Յոյս ունիմ, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը Թուրքիան գոհացնող «ճիշդ» որոշում կ՛արձակէ», ըսաւ Կիւլ, իսկ Էրտողան յոյս յայտնեց, որ «Ֆրանսա կ՛ընէ այն, ինչ անհրաժեշտ է»:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը կոչ ըրաւ շարունակելու Ցեղասպանութիւններուն ժխտումը քրէականացնող օրէնքի վաւերացման համար պայքարը: «Կոչ կ՛ընենք օրէնքին ի նպատ քուէարկած պատգամաւորներուն եւ արդարութեան կողմնակից Ֆրանսայի քաղաքացիներուն, որ դիմադրեն Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած այս «շանթաժ»ին», նշուած է կոչին մէջ, ուր նաեւ կը շեշտուի, թէ Սահմանադրական խորհուրդին դիմելու քայլը նոր վիրաւորանք մըն է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: