Ցեղասպանութիւններու հերքման հետեւանքներու մասին
Ֆրանսայի Նախագահը Կառավարութեան Յանձնարարած է
Նոր Օրինագիծ Պատրաստել

Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը հակասահմանադրական ճանչցաւ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը՝ պատճառաբանելով, որ ան կը հակասէ խօսքի ազատութեան:

ԳԱՀԻՐԷ (Արմաւենի) - Ֆրանսայի Խորհրդարանի ընդունած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծը չի կրնար հակասահմանադրական համարուիլ, ըստ Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակի տնօրէնին:

Իտալական Թուրին քաղաքի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յաւելեալ՝ բանաձեւ ընդունուեցաւ, ուր կոչ կ'ուղղուի Եւրոխորհրդարանին այնպէս գործել, որ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու յաւակնութիւններ ունեցող Թուրքիան ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը տեղեկացնէ novostink.ru-ն:

Ընկերվարական  կուսակցութեան կողմէ Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտը վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան  ժխտումը քրէական արարք դարձնող օրինագիծի նկատմամբ: Այդ մասին ան յայտարարեց Marianne շաբաթաթերթին:

ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակը մտահոգուած է

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ Երկուշաբթի, Փետրուար 13ին  ներկայացուած 2013ի ամավարկի նախագիծին մէջ առաջարկուած է 19 առ հարիւրով կրճատել Հայաստանին յատկացուելիք տնտեսական օժանդակութիւնը: