ՍԱՆ ՀՈԶԷ.- Քոսթա Ռիքայի մայրաքաղաք Սան Հոզէի մէջ, Յունուար 23-24 գումարուեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի խորհուրդի նիստը, որուն մասնակցեցան անդամ 60 կուսակցութիւններու շուրջ 170 պատուիրակներ: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ընկերվար Միջազգայնականին մէջ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան:


Ժողովին ողջոյնի խօսք ըսաւ Քոսթա Ռիքայի հանրապետութեան նախագահ Լաուրա Չինչիլլա, որմէ ետք ժողովը քննարկեց ներկայ տնտեսական ճգնաժամն ու կլիմայական փոփոխութիւնները եւ ընկերվար-ժողովրդավարութեան համաշխարհային շարժման հիմնական խնդիրները:
Ժողովը նաեւ քննարկեց Ընկերվար  Միջազգայնականի կազմակերպական հզօրացման խնդիրը՝ այս տարուան ընթացքին գումարուելիք կազմակերպութեան 24րդ Քոնկրեսին ընդառաջ:
Ժողովը յայտարարութիւն տարածեց Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան եւ դատական համակարգի անկախութեան մասին, ըստ որուն Ընկերվար Միջազգայնականը կը դատապարտէ իր անդամ եւ Թուրքիոյ մէջ գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան ղեկավարին դէմ յարուցուած դատական գործը, իր անդամ եւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ BDP կուսակցութեան անդամ ընտրուած պետական պաշտօնեաներուն ձերբակալութիւնները, խօսքի ազատութեան սահմանափակումներն ու գործադիր իշխանութեան կողմէ դատական համակարգին վրայ հաստատուած ամբողջական հակակշիռը:
Ժողովին ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան: Դաշնակցական գործիչը բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր պատուիրակութիւններու անդամներու հետ՝ ՀՅԴն ու հայութիւնը շա-                     հագրգռող հարցերու վերաբերեալ:
Նշենք, որ Ընկերվար Միջազգայնականը (Socialist International) ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է: ՀՅԴ անդամ Մարիա Թիթիզեան կազմակերպութեան փոխ-նախագահն է, իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան՝ ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւ Ծովեան երկիրներու յանձնախումբի հա- մանախագահը: