Անցեալ շաբթու ընթացքին կատարուածը, յանձնախումբին կողմէ բանաձեւի հակասահմանադրական նկատուիլը՝ ծրագիրը ձախողեցնելու փորձ մըն էր միայն, քանի որ որեւէ կերպով չյաջողեցաւ կասեցնել Ծերակոյտէն ներս քննարկումը։ 

Նախապէս կ'ըսուէր, թէ օրինագծին ընդդիմացող ծերակուտականներուն մեծամասնութիւնը որոշած էր կա՛մ ձեռնպահ մնալ կամ ալ բնաւ չմասնակիլ քուէարկութեան, ինչ որ վաւերացումը պիտի դիւրացնէր կառավարութեան նեցուկը վայելող օրինագիծի ընդունման համար:

Ֆրանսական «Լը Մոնտ» կ'անդրադառնայ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան

Ֆրանսական ծանօթ «Լը Մոնտ» օրաթերթը իր Շաբաթ օրուան թիւին մէջ լոյս ընծայեց Կիյոմ Փերիէի յօդուածը, ուր լրագրողը կþանդրադառնար Հայոց ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ Թուրքիոյ կիրարկած ժխտողական քաղաքականութեան։
Յօդուածագիրը կը մէջբերէր փրոֆ.Թաներ Աքչամի այն խօսքը, թէ «Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը ճարտարարուեստ մըն է… կառոյց մը եւ առաջնակարգ պետական քաղաքականութիւն մը։ Պէտք է գիտակցինք, որ պարզ ժխտումի մը առջեւ չենք գտուիր, այլ՝ ժխտողական վարչակարգի»։
Յօդուածագիրը նաեւ կը մէջբերէր Սթրազպուրկի համալսարանի դասախօս Սամիմ Աքկէօնիւլի այս հարցին վերաբերեալ տուած այն բացատրութիւնը, թէ «պետութիւնը (թրքական) անհաշիւ ներուժ կ'օգտագործէ, որպէսզի Թուրքիա ցեղասպանութեամբ չամբաստանուի»։

“ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ  ՉՈՒՆԻ ԻՐ ՇԱՐՔԵՐՈՒՆ ՀԱԿԱԿՇԻՌԸ” Կ’ԸՍԷ ՊՈՒԱՅԷ

Այս քուէարկութենէն ետք, օրինագծին հեղինակը՝ Վալերի Պուայէ (UMP), ըսած է, թէ Ընկերվարական կուսակցութիւնը չունի իր շարքերուն հակակշիռը:
Ազգային Ժողովի նրբանցքներուն մէջ լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին՝ ան սրտանց փափաք յայտնելէ ետք, թէ իր օրինագիծը կը քուէարկուի Երկուշաբթի, դիտել տուած է, որ Ընկերվարական կուսակցութիւնը չունի իր շարքերուն հակակչիռը, մինչ այս օրինագծին շուրջ կուսակցութիւնները իրենց համախոհութիւնը արտայայտած էին: Յիշեցուցած է, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժելի դարձնելու խոստումը որքան թեկնածու Սարքոզիինն էր, նոյնքան ալ Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածուինն էր:
Պուայէ ակնարկելով իր վրայ բանեցուած բոլոր ճնշումներուն՝ նշած է որ այլեւս ետդարձ չկայ, օրինագիծը պէտք է վաւերացուի, այլապէս տուրք տրուած պիտի ըլլայ այդ բոլոր յարձակումներուն:

ՖԻԼԻՓ ՔԱԼԹԸՆՊԱԽԻ ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Գլամարի քաղաքապետ, Հօ-տը-Սէնի ընկերվարական ծերակուտական Ֆիլիփ Քալթընպախ Յունուար 19ին մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը պատասխանած է ,անստանալիութեանե որոշում ընդունած Ծերակոյտի օրէնքներու յանձնաժողովին եւ բոլոր այն պնդողներուն, թէ պատժելիութեան օրինագիծը սահմանադրական չէ: Ասոնց ցանկը կը գլխաւորէ ոմն՝ Պատէնթէր, որ ֆրանսական արդարադատութեան ամենէն ականաւոր դէմքերէն մէկն է: Նախկին նախարարը այս մասին ,Մոնտեի Յունուար 15ի թիւին մէջ երկար յօդուած մըն ալ ստորագրած էր առջի օր: Ան ոչ միայն կը քննադատէ ներկայ նախաձեռնութիւնները՝ օրինագիծը հակասահմանադրական որակելով, այլ նաեւ յետքայլ կ’ընէ, խնդրայարոյց նկատելով նոյնիսկ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող 2001ի ֆրանսական օրէնքը: Կ’ըսէ, թէ միջազգային գետնի վրայ պաշտօնապէս չէ հաստատուած 1915ի դէպքերուն ցեղասպանական բնոյթը, ի տարբերութիւն՝ Հրեաներու Ողջակէզին: Անոր այս յօդուածին պատշաճ պատասխանը տուած է մէթր Ֆիլիփ Գրիգորեան նամակով մը, զոր յղած է պատկան մարմիններուն, երեսփոխանուհի Վալերի Պուայէի միջոցով:
Քալթընպախ իր հաղորդագրութեան մէջ նախ կը դատապարտէ Ծերակոյտի օրէնքներու յանձնաժողովին ընթացքը՝ ըսելով, թէ ան աշխատեցաւ առանց ունկնդրութիւններու եւ նախընտրեց իր որոշումը կայացնել 2011 Մայիսին Ծերակոյտին կողմէ մերժուած օրինագծի հիման վրայ: Կ’աւելցնէ, թէ ինք եւ իր կուսակից պաշտօնակիցը՝ Գարվունաս, ունկնդրութիւններու շարք մը կազմակերպած են, լսած են իրաւաբաններ՝ հարցին մասին լաւագոյն իրազեկ դարձնելու համար ընկերվարական խմբակի ծերակուտականները:
Ապա Քալթընպախ կ’ըսէ, թէ Պուայէի օրինագիծը, նախկինին հետ նոյն նպատակը հետապնդելով հանդերձ, իրաւաբանական գետնի վրայ նոյն կառոյցը չունի եւ կը բացատրէ այդ տարբերութիւնները:
Վերջաւորութեան, ծերակուտականը կ’եզրափակէ՝ ըսելով, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդէն, գրուածե է պատմաբաններու կողմէ, որոնք 1915ի եւ 1916ի դէպքերու ուսումնասիրութեանց հիման վրայ հաստատած են թէ օսմանեան Թուրքիոյ Հայերը ցեղասպանութեան ենթարկուած են: “Հետեւաբար, Երկուշաբթի, պատմութիւնը ,գրելուե հարց չկայ, այլ պատմական իրողութիւնները նկատի ունենալով՝ զանոնք օրէնքի սահմաններուն մէջ տեղաւորելու հարց: Խորհրդարանը իր իրաւասութիւնները զանցած պիտի չըլլայ՝ վաւերացնելով այս օրինագիծը, որ կը միտի պաշտպանելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը”,- կ’ըսէ Քալթընպախ:


ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԿԸ ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Յունուար 19ին, Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Կապրիէլ Քելէր հրաւիրուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր զինքը ընդունած է ԱԳՆ փոխ-նախարար Խալաֆ Խալաֆով: Վերջինս Քելէրին տեղեկացուցած է, թէ Յունուար 23ին Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ նախատեսուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժելի դարձնող օրինագծին քննարկումը իր երկրին լուրջ մտահոգութիւն կը պատճառէ, եւ թէ այդ օրէնքին ընդունումը բացասաբար պիտի անդրադառնայ տարածաշրջանի զարգացումներուն վրայ:
Իր կարգին, Ֆրանսայի դեսպանը յայտնած է, որ Ատրպէյճանի վերոնշեալ դիրքորոշումը պիտի հաղորդէ Ֆրանսայի կառավարութեան։