Չորեքշաբթի, Մարտ 7ին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտէճեանի հետ։

ԱՄՆ երեք ծերակուտականներու կողմէ բանաձեւ մը առաջադրուած է, որով կոչ կÿուղղուի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ ճնշումներ գործադրել Թուրքիոյ նկատմամբ, վերադարձնելու համար սեփականացուած քրիստոնէական եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն դաւանանքի կատարեալ ազատութիւն տալու մասին:

Մարտ 5ին, Սամցխէ Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող, «ԱՅ-Ինֆօ» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արտակ Գաբրիէլեան հասած է Եւրոպա՝ քաղաքական եւ համայնքային հանդիպումներ ունենալու նպատակով:

ԱՄՆ Քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յատկացումներու ենթայանձնաժողովին մէջ Փետրուար 2ին տեղի ունեցած նիստին ժամանակ քոնկրէսական Ատամ Շիֆ Միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընէն պահանջած է մեկնաբանել վերջերս Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ ըրած յայտարարութիւնը:

Ֆրանսայի արդարադատութեան նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Փետրուար 29ին սկսած է պատրաստել Հայոց Ցaեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը: