Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը բողոքարկած է Պոլսոյ 10-րդ վարչական դատարանի կայացուցած որոշումը, ըստ որու, անիկա իբրեւ փոխհատուցում պէտք է Տինքի եղբայրներ՝ Խոսրովին եւ Երուանդին վճարէ հարիւր հազար թրքական լիրա (շուրջ 60 հազար տոլար)։
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան փաստաբաններու կողմէ կազմուած եւ Պետական խորհուրդ (Բարձրագոյն վճռաբեկ ատեան) ներկայացուած բողոքարկման դիմումին մէջ կը նշուի, որ Հրանդ Տինք համապատասխան պաշտպանութիւն ստանալու համար ոստիկանութեան չէ դիմած, իսկ նախարարութիւնը ձեռնարկած է բոլոր անհրաժեշտ միջոցները սպանութիւնը կանխարգիլելու համար։
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ որեւէ պատասխանատուութիւն չի կրեր Տինքի սպանութեան համար եւ պահանջած է բե-կանել Պոլսոյ դատարանի՝ փոխհատուցում վճարելու մասին որոշումը։ Բացի այդ, ներքին գործոց նախարարութեան դիմումին մէջ կը նշուի, որ «փոխհատուցման չափը կը հակասէ նպատակին եւ ուղղուած է ոմանց անբարոյ եւ չափէն աւելի հարստացնելու»։
«Վաթան» օրաթերթը Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան այս դիմումը համեմատած է անցեալ տարի Անգարային կողմէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան ուղարկուած պաշտպանութեան խայտառակ գրութեան հետ, որ աւելի ուշ Թուրքիոյ իշխանութիւնները յետս կոչած էին։
Նշենք, որ Հրանդ Տինք իր ողբերգական մահէն մէկ շաբաթ առաջ դիմած էր Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան բողոքարկելով Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածի հիմամբ իր դէմ կայացած դատավճռին դէմ։ Տինքի սպանութենէն ետք Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը դիմած էր նաեւ անոր ընտանիքը՝ Տինքի ներկայացուցած բողոքին աւելցնելով այն, որ հակառակ անոր, որ թուրք ոստիկանները նախապէս տեղակ եղած են Տինքի դէմ նախապատրաստուող մահափորձին մասին, ոչինչ ըրած են այդ ոճրագործութիւնը կանխարգիլելու համար։
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը միախմբելով Տինքի եւ անոր ընտանիքի անդամներու ներկայացուցած հինգ դիմումները թրքական իշխանութիւններէն պահանջած էր ներկայացնել պաշտպանութիւն։ Ի պատասխան Անգարան պաշտպանութեան անյաջող եւ խայտառակ փորձ կատարեց՝ Հրանդ Տինքը համեմատելով նացի ղեկավարներէն մէկու մը հետ։ «Ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ այդպիսի յօդուածները (Տինքի դատապարտման պատճառ դարձած յօդուածը) ուղղուած են սադրելու ժողովուրդը եւ խախտելու հասարակական կարգը։ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն «ատելութեան խօսքը խոչընդոտելու» առնչութեամբ խորհրդատուական բնոյթի որոշում կայացուցած է», կը նշուէր թրքական իշխանութիւններուն ներկայացուցած պաշտպանողականին մէջ, որ աւելի ուշ Անգարա յետս կոչեց փորձելով Տինքի ընտանիքի հետ գտնել «բարեկամական լուծում» եւ այդ կապակցութեան Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ հանդիպում ունեցաւ Հրանդի եղբօր՝ Խոսրովի հետ։
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը բաւարարած էր թրքական իշխանութիւններուն դէմ ներկայացուած Հրանդ Տինքի ընտանիքի դիմումը եւ Անգարայէն պահանջած Հրանդ Տինքի հարազատներուն վճառել 133,565 եւրոյի փոխ հատուցում, որ կը ներառէ նաեւ դատական ծախսերը։