Պաշտօնական Պաքուն բողոքի նամակ յղեց Թեհրանին՝ Իրանի զինուած ուժերու գըլխաւոր շտապի պետ Հասան Ֆիրուզաբադիի յայտարարութիւններուն համար:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ատրպէյճանական լրատուական գործակալութիւնները՝ վկայակոչելով երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան, նամակը փոխանցուած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւն հրաւիրուած Իրանի դեսպան Մահոմեդբաղիր Բահրամիին:
Ատրպէյճանը Իրանէն կը պահանջէ ամենակարճ ժամկէտներու մէջ անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկել ապագային նման յայտարարութիւնները կանխելու եւ թոյլ չտալու նպատակով, ինչպէս նաեւ պարզաբանել տեղի ունեցածը:
Ինչպէս անդրադարձանք երէկուան մեր թիւով, Իրանի զինւած ուժերու գլխաւոր շտապի պետը խըստօրէն քննադատած էր Ատրպէյճանի կառավարութիւնը՝ «իսլամական սկզբունքներուն դէմ գացող միջոցներ ձեռնարկելու համար»: Ան սպառնացած էր, թէ Ատրպէյճանի նախագահը պէտք է իմանայ, որ ժողովուրդի զարթօնքը կարելի չէ ճնշել, եւ աւելցուցած որ՝ Իլհամ Ալիեւին մռայլ ճակատագիր կը սպասէ, եթէ ան նկատի չÿառնէ իր նախազգուշացումը:
Ֆիրուզաբադիի յայտարարութիւնները այսօր քննադատեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլհան Պոլուխովը: