Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական դատարան մէ ազատ արձակած է այս տարուայ 24 Ապրիլին թրքական բանակին մէջ հայազգի զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքչն սպաննած նոյն զօրամասի մէջ ծառայող Քըվանչ Աղաօղլուն։
Օրաթերթը կը գրէ, որ Սեւակի սպանութեան դատական հարցին առաջին նիստը, որ տեղի ունեցած է Տիարպեքիրի ռազմական դատարանին մէջ, 13 ժամ տեւած է։ Դատաւորը ջնջած է Քըվանչ Աղաօղլուի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց սահմանուած կալանքը։
Յաջորդ նիստին դատարանը պիտի լսէ սպաննուած զինուորին նշանած Մելանի Քումրույանին, որ կը պնդէ, թէ Սեւակը զօրամասին մէջ հրամանատարութեան հետ լուրջ խնդիրներ ունեցած է։
Յիշեցնենք, որ Սեւակ Շահին Պալըքչը, որու զինուորական ծառայութեան աւարտին մնացած էր 23 օր, զոհուած է այս տարուան 24 Ապրիլին, Պաթմանի Քոզլուք շրջանի ոստիկանական յատուկ ուժերու զօրամասին մէջ։ Ըստ պաշտօնական վարկածին՝ ան մահացած է իր զինակիցի՝ Քըվանչ Աղաօղլուի կողմէ գնդաձիրէն սխալմամբ արձակուած գնդակէն ստացած ծանր վէրքին պատճառով։ Մեղադրող կողմէ կը պահանջէ Աղաօղլուն «անզգուշ սպանութեան» համար դատապարտել 9 տարուայ բանտարկութեան։ Իսկ Սեւակի ընտանիքի փաստաբան Իսմայիլ Ճեմ Հալավուրթ կը պահանջէ Աղաօղլուն դատել «կանխամտածուած սպանութեան» համար։
Մամուլի մէջ տեղեկութիւններ յայտնուած էին, որ Սեւակ ծառայութեան ընթացքին ծեծի ենթարկուած է իր հրամանատարներուն կողմէ։ Զօրամասին մէջ նոյնիսկ սպառնացած են զինք հրկիզել։ Բացի այդ, հետաքննութեան ընթացքին ի յայտ եկած է, որ հայազգի զինուորը սպանած Քըվանչ Աղաօղլու տարուած է ազգայնական գաղափարներով, ինչի մասին կը վկայէ՝ Դիմատետր ընկերային ցանցին վրայ անոր զետեղած ազգայնական բովանդակութեամբ հրապարակումները։
«Ակօս» կը գրէ, թէ Սեւակի սպանութեան գործին առաջին դատական նիստին ընթացքին, իբրեւ վկայ հանդէս եկող Սեւակի ծառայակիցներէն մէկը ըսած է, որ նախապէս Սեւակը սպաննող Քըւանչ Աղաօղլուն արդէն սպառնացած էր սպաննել հայ զինուորը: «Դէպքէն ետք ականատեսներէն մէկը ինծի ըսաւ, որ մեղադրեալ Քըւանչ օր մը Սեւակին ըսած է. «Քեզ պիտի սպաննեմ, թմպլիկս»», դատարանին մէջ յայտնած է վկան, որուն անունը չի նշուիր:
Իր հերթին, դատական նիստին, Սեւակ Շահին Պալըքչըի ընտանիքի փաստաբան Ճեմ Հալաւուրթ ըսած է, որ Սեւակին գործով անցնող վկաները փոխած են նախապէս տուած իրենց վկայութիւնները: Վկաները դատախազութեան մօտ բոլորովին այլ բաներ ըսած էին: Իսկ դատարանին մէջ անոնք փոխած են իրենց ցուցմունքները: Այս բոլորը կը վկայեն, թէ Սեւակի գործով անցնող վկաներուն գործողութիւնները կ՛ուղղորդուին ոմանց կողմէ», հաստատած է Հալաւուրթ: