Մետվետեւ. «Կարեւոր քայլեր կատարուած են, սակայն դեռ խորհրդակցելու հարցեր կան»
Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Տմիթրի Մետվետեւ եւ Իլհամ Ալիեւ երէկ Սոչիի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն գլխաւոր նիւթը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթն էր:
Քրեմլինի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հանդիպումին ընթացքին Մետվետեւ անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին, ընդգծած է. «Շրջանային խնդիրներու լուծումը մեզի համար շատ կարեւոր է, որովհետեւ մենք մօտ երկիրներ ենք, դրացիներ, մտերիմ ընկերներ եւ գործընկերներ: Ըստ էութեան, ամբողջ շրջանի, մեր երկիրներուն, մեր ժողովուրդներուն ինքնազգացումը կախեալ է այն բանէն, թէ շրջանին մէջ իրավիճակը ինչպէ՛ս կը զարգանայ»:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահին ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ թափուած ջանքերուն համար եւ ըսած. «Մենք Ատրպէյճանի մէջ շատ բարձր կը գնահատենք ձեր անձնական ներգրաւումը հոլովոյթին մէջ: Եւ եռակողմ ձեւաչափով կատարուած հանդիպումները, բնականաբար, կողմերու դիրքորոշումները շատ մօտեցուցած են»:
Ալիեւ նշած է, որ ղարաբաղեան տագնապը շրջանային անվտանգութեան տեսանկիւնէն լուրջ խնդիր կը ներկայացնէ: «Ատրպէյճան ամէնէն շատ շահագրգռուած է այդ խնդիրի շուտափոյթ լուծումով, որպէսզի բոլոր տեղափոխուած անձերը վերադառնան իրենց բնակավայրերը, որպէսզի շրջանին մէջ խաղաղութիւն, հանգստութիւն եւ համագործակցութիւն հաստատուի»:
Ալիեւ ընդգծած է նաեւ, որ այն սկզբունքները, որոնց հիման վրայ կ՛ընթանայ խնդիրի լուծման բանակցային հոլովոյթը, կ՛արտացոլեն միջազգային իրաւունքի արժեչափերը: «Տագնապի շուտափոյթ լուծումը կը բխի բոլոր կողմերուն շահերէն»: