Ապահովական մարմինները կ՛ամբաստանուին նաեւ փաստեր անհետացնելու յանցանքով

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17ին հաղորդեց, թէ Հրանդ Տինքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու գծով իրենց պարտականութիւնը չկատարած պաշտօնատարներուն հարցը հետապնդող դատախազը, որոշած է պաշտօնապէս հետախուզութիւն բանալ 30 բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ, որոնց թերացումներուն զոհ գացած է Տինք:

Պաշտօնատարներուն շարքին են՝ Պոլսոյ նախկին կառավարիչ Մուամեր Կիւլեր, Պոլսոյ նախկին ոստիկանապետ Ճելելէտտին Ճարահ, որոնք Տինքի ընտանիքին կողմէ կ՛ամբաստանուին իրենց տարրական պարտականութիւնը չկատարելու յանցանքով, հակառակ այն յստակ տեղեկութեանց, թէ Տինքի կեանքը վտանգուած էր:
Ոճիրը կազմակերպողներուն եւ ապահովական մարմիններուն միջեւ կասկածելի կապերուն կողքին, ապահովական մարմինները կ՛ամբաստանուին նաեւ փաստեր անհետացնելու յանցանքով:
Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը անցեալ տարի վճռած էր, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Տինքի կեանքը պաշտպանելու համար իրենց տարրական պարտականութիւնը չէին կատարած, նաեւ բաւարար լրջութեամբ չեն մօտենար ոճիրի պատասխանատուները բացայայտելու գործին:
Միւս կողմէ, «Մարմարա» իր Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17ի թիւով կը հաղորդէ, որ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Սըրրը Սիւրէյա Էնօտեր,  խորհրդարանին մէջ տրուած  ասուլիսի մը ընթացքին շատ խիստ յայտարարութիւն ըրաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ՝ յստակօրէն ըսելով, որ ոճիրը պետութեան կողմէ գործուած ոճիր մըն է։
Էօնտեր պնդեց, որ այս եզրակացութեան հասած է՝ հակառակ հրապարակաւ կատարուած խոստումներուն ու խնդիրը լուսաբանելու մասին հանրութեան տրուած երաշխիքներուն։
«Ասիկա պետութեան պաշտօնական քաղաքականութիւնն է, եւ այս ոճիրը Ազգային ապահովութեան խորհուրդի որոշումով՝ գործուած ոճիր մըն է», ըսած է ան։