Amnesty International միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ Ատրպէյճանի մէջ մարդոց իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներուն վրայ։
Ատրպէյճանի մէջ մարդոց իրաւունքներու եւ ազատութիւններուն առնչուած զեկոյցին մէջ կազմակերպութեան նշումները կեդրոնացած են ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու, հասարակական գործիչներու, լրագրողներու նկատմամբ կիրառուող ճնշումներու մեթոտներուն վրայ։
Քննադատութեան ենթարկուած է նաեւ իշխանութեան կողմէ ընդդիմութեան ցոյցերու արգիլումը: