Ատանայի Ինջիրլիք խարիսխին մէջ յայտնուեցան Թուրքիոյ օդային ուժի մաս կազմող Predator անօդաչու սաւառնակները, որ ըստ Թուրքիոյ պետական շրջանակներու  հաղորդումին՝ պիտի օգտագործուին հակահաբեկչական պայքարի ծիրէն ներս:


15 պաշտօնեաներու շարունակական հոգատարութեան տակ առնուած են սաւառնակները, մինչ առաջին փորձին ընթացքին 4 հրշէջ ինքնաշարժներ եւս շրջապատած էին անոնք: