Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի կողմէ հնչած յայտարարութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը «ուսումնասիրելու» նպատակով Ֆրանսայի մէջ հայ-թուրք պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ մը հիւրընկալելու մասին, գրգռիչ ու անընդունելի է ամբողջ հայութեան համար:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը եւս կրկնած է պատմաբաններու յանձնաժողովի հարցը՝ հայկական կողմէ հակադարձող պատասխաններու արժանանալով:
Ուրբաթ օր Անգարա այցելած Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէի հետ հանդիպումէն ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու անգամ մը եւս օրակարգի նիւթ դարձուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով պատմաբաններու յանձնաժողի հարցը:
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18ին, Անգարա այցելող Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէի հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու անգամ մը եւս օրակարգի նիւթ դարձուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով պատմաբաններու յանձնաժողով մը կազմելու առաջարկը՝ միաժամանակ քննադատելով որեւէ օրէնք, որ կրնայ դէմ դնել Թուրքիոյ «ինքնապաշտպանութեան» իրաւունքին՝ ակնարկելով Ֆրանսայի մէջ քննուող այն օրինագիծը, որ քրէական հետապնդումի պիտի ենթարկէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, Ֆրանսայի արտաքին գոծոց նախարարը նոյնիսկ առաջարկած է նման յանձնաժողովի մը աշխատանքները հիւրընկալել՝ նշելով, որ «1915 թուականի իրադարձութիւնները շատ զգայուն հարցեր են թէ՛ հայերուն եւ թէ թուրքերուն համար»:
Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակցութեան քարտուղար Էդուարդ Շարմազանով, հակադարձելով Տաւութօղլուի նորագոյն կոչին՝ ըսաւ. «Հայաստանը երբե՛ք Ցեղասպանութեան հարցը քննարկման առարկայ չի դարձնի: «Հարեւանների հետ զրօ խնդիրների» քաղաքականութեան ձգտող քաղաքական գործիչին եւս մէկ անգամ կը զգուշացնեմ, որ պէտք չէ յաւելեալ խնդիրներ ստեղծել Թուրքիայի համար»:
Պատգամաւորը նշեց, թէ Ցեղասպանութիւնը պատմական իրականութիւն մըն է՝ ընդուն-ւած «ողջ յառաջադէմ հանրութեան» կողմէ: Ըստ անոր, Ցեղասպանութեան հարցը այլեւս ոչ թէ պատմական, այլ քաղաքական խնդիր է, ու այդ պատճառով ալ, անոր պէտք է տրուի քաղաքական լուծում, որն է՝ Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը:
«Առանց անցեալի ոճրագործութիւնների ճանաչման, առաջընթաց չի արձանագրուի: Եթէ Թուրքիան իսկապէս ցանկանում է դառնալ եւրոպական արժէքներ կրող պետութիւն, ապա նա ունի մէկ ճանապարհ՝ դատարկամիտ բաներ չխօսել, չփորձել խնդիրը տեղափոխել պատմական հարթութիւն, այլ անցնել գործնական քայլերի՝ ճանաչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ժամանակին հրեաների նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան առնչութեամբ նոյն կերպ վարուեց Գերմանիան», յիշեցուց Շարմազանով:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին կոչ ըրած էր Թուրքիոյ, որ ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը:
Հաղորդագրութիւն
Արտաքին գործոց նախարար Ալէն Ժիւփէի Թուրքիոյ մէջ կատարած յայտարարութիւնը՝ Ֆրանսայի մէջ հիւրընկալելու հայ-թուրք պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ժամանակահատուածի ուսումնասիրման համար, կը գայթակղեցնէ մեզ ու ամբողջ ֆրանսահայ համայնքը: Այս յայտարարութիւնը, որ ինքին խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, անընդունելի է ու կը կրէ ուրացման ու ժխտողականութեան սերմեր: Աւելի՛ն: Այս յայտարարութիւնը կը նսեմացնէ նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի Երեւանի մէջ վերջերս կատարած յայտարարութիւնը, որուն համաձայն՝ Անգարա պարտի ճանչնալ իր գործադրած ցեղասպանութիւնը: Ֆրանսայի իշխանութիւնները չեն կրնար միաժամանակ Անգարայէն պահանջել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու միւս կողմէ առաջարկել պատմաբաններու յանձնախումբ, որ պիտի վճռահատէ ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Այստեղ անընդունելի հակասութիւն գոյութիւն ունի ֆրանսական իշխանութեանց մօտ, որոնք յայտնապէս որոշած են երկու լարերու վրայ խաղալու քաղաքականութիւն որդեգրել: Այս հոլովոյթին ապացոյցը տրուեցաւ քանի մը առիթներով: Վերջինը՝ երբ Սարքոզի կը գտնուէր Երեւան, նոյն պահուն, նոյն թղթածրարին գծով Քլօտ Կէան կը փութար Անգարա: Նման լարախաղացութիւն չենք կրնար ընդունիլ ու կը պահանջենք հանրապետութեան նախագահէն՝ անմիջապէս սրբագրել Ժիւփէի յայտարարութիւնը եւ չեղեալ համարել զայն, որովհետեւ ուղղակի կը հակասէ Երեւանի մէջ տրուած նախագահական խոստումին:
Ուրացման դէմ օրէնքի քննարկումն ու հաստատումը այսուհետեւ կը դառնայ անյետաձգելի՝ Ծերակոյտի առաջին իսկ լիագումար նիստի օրակարգին վրայ: Նիքոլա Սարքոզի խոստացաւ զայն: Ան պարտի կատարել իր խոստումը անյապաղ:
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի
Կեդրոնական Կոմիտէ
Ժիւփէ-Էրտողան հանդիպում
Ալէն Ժիւփէ Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողանի հետ: Քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ եւրոպական հարցեր, սակայն Սուրիոյ իրավիճակը պարտադրած է, որ այդ նիւթը եւս խօսակցութեան առարկայ դառնայ: Խորհրդակցութիւններու առանցքը կազմած է հարցումը, թէ ի՞նչ բնոյթի միջամտութիւն պէտք է որդեգրել՝ վերջ տալու համար այդ երկրին մէջ տեղի ունեցող բռնութիւններուն, նախատեսելով նոյնիսկ Ասատի վարչակարգը վար առնելու հաւանակութիւնը: