Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Վոլքան Պոզքիր երէկ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչութեամբ երկու երկիրներուն ստորագրած ցիւրիխեան արձանագրութիւնները պիտի չվաւերացուին:
«Ես այդ փաստաթուղթի վաւերացման պատասխանատուներէն մէկն եմ եւ կրնամ ըսել, որ անոնք պիտի չվաւերացուին», ըսած է Պոզքիր:
Թուրքիոյ խորհրդարանի Պաքու այցելող պատուիրակութիւնը երէկ սկսաւ իր պաշտօնական հանդիպումներուն:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող արձանագրութիւնները ստորագրուած են 10 Հոկտեմբեր 2009-ին՝ Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ, սակայն անոնց վաւերացման հոլովոյթը երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ կասեցուած էր՝ Թուրքիոյ նախապայմաններ ճշդող ոչ կառուցողական դիրքորոշման պատճառով:
Արձանագրութիւններու վաւերացման հարցը դուրս բերուած էր Թուրքիոյ խորհրդարանի օ-րակարգէն, սակայն աւելի ուշ դարձեալ ներառուեցաւ օրակարգին մէջ: