Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան, որ Տիգրանակերտ գացած էր նախագահելու համար Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ  Յունիսի վերջաւորութեան  մատուցուած Ս. պատարագին, յաջորդ օր հանդիպում մը ունեցած է Տիգրանակերտի կուսակալ Մուսթաֆա

Ճահիտ Քըրաչի եւ քաղաքապետ Ֆըրաթ Անլըի հետ։
Ըստ թրքական «Հապերլեր» կայքին՝ Արամ Սրբազան, որպէս յիշատակ, կուսակալին նուիրած է Հայաստանէն բերուած քանդակազարդ փայտեայ ծաղկաման մը, իսկ կուսակալը Արամ սրբազանին նուիրած է Տիգրանակերտի մասին զանազան գիրքեր։
Իր կարգին, քաղաքապետը յայտնած է, որ քաղաքապետարանը բարոյապէս եւ նիւթապէս միշտ պատրիարքարանի կողքին է՝ յոյս յայտնելով, որ հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին եւս կը վերաբացուի: Անլը նաեւ առաջարկած է Աթէշեանին ըլլալ Տիգրանակերտի մշակոյթի դեսպանը, իսկ պատրիարքական փոխանորդը   ընդունած է առաջարկը:
Աթէշեան նաեւ խօսած է Սուրբ Սարգիս եկեղեցին վերաբանալու կարեւորութեան մասին՝ ընդգծելով, որ եկեղեցւոյ բացման պարագային՝ աւելի մեծ թիւով Հայեր Տիգրանակերտ պիտի այցելեն: «Բոլոր անոնք, որոնք կ'այցելեն Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, կը հարցնեն, թէ ե՛րբ պիտի բացուի Սուրբ Սարգիսը», ըսած է Աթէշեան:
Քաղաքապետարանին մէջ եւս կողմերը նուէրներ փոխանակած են։