Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պաշտօնապէս իբրեւ նախագահի թեկնածու առաջադրուելէ ետք խոստացաւ բոլորին ծառայել՝ նշելով, որ երբ 1994-էն 1998 Պոլսոյ քաղաքապետ ընտրուած է, ինք բոլոր պոլսեցիներուն ծառայած է անկախ, թէ անոնք որո՛ւ քուէարկած են, նոյնը կատարած է, երբ վարչապետ ընտրուած է:
«Եթէ 10 Օգոստոսին նախագահ ընտրուինք, բոլորը պիտի գիտնան, որ մենք Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահը պիտի ըլլանք եւ ոչ թէ մէկ հատուածին կամ կուսակցութեան մը նախագահը: Ոչ ոք կասկած պիտի ունենայ», ընդգծեց Էրտողան:
Էրտողան 10 Օգոստոսին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան առաջին փուլին կարիքը ունի քուէներուն 50 առ հարիւրը առաւել մէկ քուէ ապահովելու 24 Օգոստոսի երկրորդ փուլէն խուսափելու համար: