Օսմանեան արխիւներուն մէջ տարբեր անուններով յիշատակուած Պուրսայի Մետաքսագործներու թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին հայերու հեռանալէն յետոյ վերածուած է դպրոցի: Եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու ընթացքին պարզուած է, որ այս թաղամասը լի է հայերու մասին անհետացած պատմութիւններով: Այս մասին կը տեղեկացնէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով «Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը:
Օսմանգազի մեթրոյի կայարանին մէջ իջնելու ժամանակ կը տեսնենք Պուրսայի պատմութեան վերաբերեալ լուսանկարներ: Անոնց մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ նկարը:
Եկեղեցին եղած է Պուրսայի եւ անոր շրջակայքի հայերու հոգեւոր եւ հաւատքի կեդրոնը: Աղբիւրներուն համաձայն՝ նոյն շինութեան մէջ նաեւ եղած է հայկական դպրոց:
Եկեղեցին՝ նախքան փլիլը՝ պատմութեան մէջ կը յիշատակուի իբրեւ շարջանկար-թատերասրահ, ապա իբրեւ ամուսնութեան պալատ:
Եկեղեցւոյ մօտ գտնուող երկյարկանի առանձնատունն ալ, հակառակ անխնամ մնալուն, դեռ կանգուն է: Ժամանակաշրջանի կարեւոր հոգեւորականները հիւրընկալած այդ առանձնատունը թաղամասէն հայերու հեռանալէն յետոյ անտէր մնացած է:
Թաղամասի բնակիչները կը դժգոհին, որ քաղաքապետարանը այդ հին շինութիւնը կարեւոր չի համարեր եւ անիկա յայտնուած է կործանման վտանգի առաջ:
Թաղամասի բնակիչներէն Լերզան Աքպաշը կը յիշէ եկեղեցւոյ գոյութեան մասին եւ կը նշէ, որ անիկա եղած է այժմ գործող խանութի կողքին, ապա վերածուած է թութուն պահելու պահեստի: «Յետոյ այնտեղ համերգային դահլիճ եղած է, ծնողներս այնտեղ համերգի կ’երթային: 1980-էն յետոյ քանդուեցաւ: Մեր թաղամասին մէջ առաջ երկյարկանի տուներ կային, ներկայ շէնքերը չկային»:
Թաղամասի՝ 1844-ի փաստաթուղթերէն կ’երեւի, որ այդ տարիներուն շրջանին մէջ կը բնակէին ոչ իսլամներ: Թաղամասը բաղկացած էր 100 տունէ: Նշան Թաքթաքեանի մետաքսի գործարանին շնորհիւ անուանումը ստացած թաղամասի բնակիչներուն մեծ մասը զբաղած է  մետաքսագործութեամբ: Յետագային հայկական եկեղեցւոյ մօտ գտնուող դպրոցը ձերբակալուած հայերու եւ յոյներու համար ծառայած է իբրեւ բանտ:
Թաղամասի բնակիչներէն Օզճան Կէոչմենոզը Մետաքսագործներու թաղամասի անցեալի մասին կը պատմէ. «Թաղամասը նախապէս հայկական էր: Մեր տան առջեւ շատ գեղեցիկ, փայտաշէն տուն կար, կ’ըսէին՝ քա¬ հանայի տուն է: Օր մը մեր դրան առջեւ քանի մը փայթօն կանգնեցաւ: Կը պարզուի՝ իջնող կինը մեր տան տիրուհին էր: Մենք ուզեցինք հիւրասիրել զինք, սակայն ան միայն ջուր խնդրեց: Մեր թաղամասի ջուրը Պուրսայի ամենահամեղ ջուրն էր: Տիկինը այդ ջուրէն ուզեց խմել: Այժմ թաղամասի հին տուներէն մնացած է միայն մէկ շինութիւն:
Թաղամասի ներքեւը եղած է հայկական գերեզմանատուն, որ, սակայն, տեղափոխած են եւ տեղը գրադարան կառուցած: Գրադարանի աշխատակիցը կը նշէ, որ ատիկա շատերէ լսած է, սակայն որեւէ փաստաթուղթ չկայ:
Թէ ուր են այժմ գերեզմանաքարերը, յայտնի չէ:
Մետաքսագործներու թաղամասին մէջ այժմ գտնուող շինութիւնները ծածկած են պատմութիւնը:
Այսօր Օսմանգազի մեթրոյին մէջ հպարտութեամբ ցուցադրուած, հայերուն եւ յոյներուն պատկանած կառոյցները, ցաւօք, այլեւս չկան…