Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ մէջ բնակող հայերը մերժած են հանդիպում ունենալ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի հետ, որ կ՛այցելէ Քէօլն քաղաքը:

Քըլըճտարօղլու, որ Գերմանիա մեկնած էր իր ղեկավարած Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կողմէ Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին առաջադրուած թեկնածուին համար ձայներ ապահովելու նպատակով, այցելած է Ալեւիական միութիւններու դաշնակցութիւն, յունական եւ ասորական եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ ցանկութիւն յայտնած է հանդիպում ունենալու Գերմանիոյ հայ համայնքին հետ, սակայն Գերմանիոյ հայոց առաջնորդարանը մերժած է անոր դիմումը:
«Քանի տակաւին Քըլըճտարօղլուն եւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավարութիւնը կը ժխտեն Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, զանոնք այստեղ ընդունիլը պատշաճ չէ», ըսած է Գերմանիոյ հայոց առաջնորդարանի ներկայացուցիչը: