Թուրքիոյ նախագահական թեկնածու, քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP) համանախագահ Սալահէտտին Տեմիրթաշ Լոնտոնի մէջ ներկայ եղած է իր ընտրապայքարին զօրակցող հանրահաւաքի մը, որուն մասնակցած են քիւրտեր եւ թուրքեր։
Իրենց իշխանութեան գալով՝ ընդդիմադիր թեկնածուն վստահեցուցած է, որ Թուրքիոյ հանրային ու քաղաքական կեանքը էապէս արմատական փոփոխութիւններու պիտի ենթարկէ։ Ան քննադատած է նաեւ Էրտողանն ու անոր վարչակարգը։
Հանրահաւաքի ընթացքին ան յայտարարած է. «Այնպիսի կեանքի մը սկիզբը պիտի դնենք, որ սուննի իսլամը և ալեւին իրար հանդէպ չկասկածին, իրարմէ եղբայրութեան բոյր առնեն միայն: Այնպիսի կեանքի մը սկիզբը պիտի դնենք, որ չքաւորները, գործազուրկները, թոշակառուները ստիպուած չըլլան աշխատիլ գոյութիւն պահպանելու համար: Այնպիսի կեանքի մը սկիզբը պիտի դնենք, որ թուրքը չ'ատէ քիւրտին, «հայ» բառը այլեւս չգործածուի իբրեւ հայհոյանք, հրեաները սպառնալիքներ չստանան, փողոցներու մէջ կիներ չսպաննուին»։
Տեմիրթաշ զազայախօս քիւրտ է։ Ծնած է Խարբերդ նահանգի Բալու քաղաքին մէջ 1973-ին։