Թուրքիոյ նախագահի թեկնածու Սելահետտին Տեմիրթաշ հանդիպում ունեցած է երկրի հայ, ասորի, յոյն եւ հրեայ համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ: Նախագահի քիւրտ թեկնածու, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահետտին Տեմիրթաշ նշած է, որ եթէ Թուրքիոյ մէջ իսլամը հրեային «եղբայր» չի կրնար կոչել, ուրեմն անցնող ամէն օր այդ երկրին մէջ կեանքը աւելի պիտի բարդանայ:
Դռնփակ հանդիպումէն ետք՝ Տեմիրթաշ լրատուամիջոցներուն ըսած է, որ թէեւ իրենց ինքնութիւնները, կրօնները տարբեր էին, սակայն խօսելու ընդհանուր շատ նիւթեր կային՝ համատեղ կեանքը, ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ու եղբայրութիւնը:

Թուրքիոյ հայկական «Նոր Զարթօնք»
քաղաքացիական շարժումը յայտարարած է, թէ նեցուկ պիտի կանգնի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած քիւրտ (զազա) ղեկավար Սալահետտին Տեմիրթաշին: Վերջինս առաջադրուած է քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ: Վերոնշեալ շարժումին մէջ ընդգրկուած են Հայ մշակոյթի եւ հանդուրժողականութեան միութիւնը եւ «Նոր Ռատիօ»ն:
«Նոր Զարթօնք» քաղաքացիական շարժումը, ըստ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» լրատուական գօրծակալութեան՝ տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն, գողերուն, խաբեբա- ներուն ձայն չկայ: Նախագահի մեր թեկնածուն Սալահետտին Տեմիրթաշն է»:
Կիրակի օր, Տեմիրթաշ Պոլսոյ Կալաթասարայ շրջանի «Ճեզայիր» հաւաքասրահին մէջ հանդիպում մը ունեցած է հայ, յոյն, հրեայ եւ ասորի համայնքներէն հրաւիրուած անձերու հետ եւ ընդգծած է միասնութիւն պահելու եւ ամէն տեսակի խտրականութեան ընդդիմանալու կարեւորութիւնը: Տեմիրթաշ բաւական աշխոյժ ընտրապայքար մը յառաջ կը տանի եւ վստահաբար պիտի ապահովէ Թուրքիոյ քիւրտ քաղաքացիներուն քուէները: Թուրքիոյ 75 միլիոն բնակչութեան  14-15 միլիոնը քիւրտեր են: Տեմիրթաշ կը փափաքի շահիլ համակրանքը նաեւ տարբեր համայնքներու: Վերոնշեալ հանդիպման, Տեմիրթաշի ընկերակցած են կուսակցութեան երեսփոխաններէն Սըրրը Սիւրէյիա Էօնտեր, հայերու նկատմամբ իր համակրանքով յայտնի Սուր գաւառի նախկին քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշ եւ կուսակցութենէն այլ ներկայացուցիչներ:
Դռնփակ նիստէ մը առաջ, Տեմիրթաշ խօսք ուղղած է ներկաներուն եւ ընդգծած «Մեր հողը մեր հայրենիքն է» կարգախօսը՝ հաստատելով, որ բոլոր անիրաւուածներու եւ ճնշուածներու իրաւունքները պաշտպանելով՝ ան ընկերային հաշտութեան համակարգ մը ստեղծելու արշաւին պիտի ձեռնարկէ:
«Մանկութենէս ի վեր գտնուած եմ խտրականութեան ենթարկուած հատուածներու մէջ։ Մեծցայ հայկական թաղամասի մը մէջ: Որքա՛ն մեծցայ, այնքա՛ն աւելի լաւ հասկցայ, թէ ինչպիսի՛ խտրականութեան ենթարկուած էին հայերը: Հասկցանք, որ մենք ալ Թուրքիոյ մէջ միշտ «ուրիշ»ը նկատուած ենք եւ լուր իսկ չենք ունեցած: Որքան մեծցանք ու պետութեան հետ երես առ երես եկանք, հասկցանք ճշմարտութիւնը: Ես ալ հասկցայ, թէ ի՛նչ էր տիրող մտայնութիւնը. «Մէկ լեզու, մէկ կրօնք կայ, եթէ կրնաս յարմարիլ այս վարկածին, այն ատեն կրնաս ապրիլ համահաւասար հայրենակիցի նման», ըսած է Տեմիրթաշ, ու  պնդած է, թէ հակառակ ամէն տեսակ ճնշումի ու պարտադրութեան, հակառակ մէկ ազգ հասկացողութեան՝ «մենք՝ «ուրիշ»ներս, պիտի շարունակենք ապրիլ միասնաբար: Թէ՛ պիտի ապրինք, թէ՛ զմեզ պիտի կառավարենք: Բոլոր անոնց, որոնք միայն ազգութեան ու ցեղապաշտութեան մասին կը խօսին, մենք յամառօրէն պիտի ըսենք, թէ մենք այս հողերուն մասնիկներն ենք, այս հայրենիքին հաւասար տէրերն ենք»:
Տեմիրթաշ խօսած է նաեւ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեանց մասին: «Պետութիւնը պարտական է ներողութիւն խնդրելու հայերէն, յոյներէն եւ ասորիներէն: Ասիկա կարեւոր է նաեւ այն պատճառով, որ պիտի հաստատէ, թէ այս հողերուն վրայ այլեւս ցեղասպանութիւն պիտի չգործադրուի: Մենք կ՛ուզենք եղբայրաբար ապրիլ թուրքերուն հետ, բայց եթէ այս հողերուն վրայ կայ հայ մը, որմէ ներողութիւն չէ խնդրուած, ապա այդ եղբայրութիւնը կը հակասէ արդարութիւնը: Այս պարտքը թուրք ժողովուրդին ճիտին չենք կրնար կապել: Պետութիւնը պէտք է խնդրէ: Ալաուիներուն եւ հայերուն ներողութիւն խնդրելու պարտական ենք: