ՄԻԹ-Ը Կ'ԱՊԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐՈՒ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՏԻՆ
Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը գրէ, թէ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը միշտ կը շարունակուի առանց շօշափելի արդիւնքի մը հասնելու կամ մօտենալու:
Թէեւ շատ ալ դիւրին չէ թափանցել դատական կնճռոտ գործողութիւններու ու կանոններու իմաստին ու յստակ կերպով հասկնալ թէ դատավարութիւնը ո՞ր հանգրուանին հասած է, այնուամենայնիւ հաղորդուած լուրերէն կարելի է ենթադրել որ ուժ մը կայ դատարանին իսկ դիմադրող, անշուշտ եթէ վերջինս ալ իսկապէ՛ս կþուզէ արդիւնքի մը յանգիլ: Դատարանը անցեալ նիստէն ի վեր որոշած է, որ ՄԻԹ-ին (Թուրքիոյ գաղտնի գործակալութեան) հարցուի, թէ պետական գաղտնիքի հանգամանք ունէի՞ն արդեօք այն փաստաթուղթերն ու տեղեկութիւնները որոնք Թուրքիոյ Խորհրդարանի պետական հարուածներու հետաքննութեան յանձնախումբին ղրկուած էին եւ որոնց մէջ Տինքի սպանութեան մասին տեղեկութիւններ ալ կային:
Հետաքրքրական է, որ ՄԻԹ դատարանին այս հարցումին պատասխանած է, ըսելով որ ինք (ՄԻԹ) այն եզրակացութեան յանգած է որ այս մասին տեսակէտ չի կրնար պարզել: Այլ խօսքով՝ ՄԻԹ-ը չի կրնար կամ չþուզեր կարծիք յայտնել այն մասին թէ այդ տեղեկութիւնները պետական գաղտնիքի սահմաններուն մէջ կը մտնե՞ն, թէ ոչ:
Ըստ հրատարակուած տեղեկատւութեան, դատարանը չէ գոհացած ՄԻԹ-ին այս պատասխանով:Դատական խորհուրդը այժմ կը մտածէ որ եթէ ՄԻԹ ինքը տեղեկութիւն չի կրնար տալ, գոնէ ցոյց տայ մարմին մը որ կրնայ ատիկա ընել:
Դատարանը Տինքի սպանութեան դատավարութեան յաջորդ նիստին համար որոշած է Հոկտեմբեր 17 թուականը: