Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, որ կ'արձագանգէ Կարսի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նահանգային տնօրէն Հաքան Տողանայի կողմէ Անիի աւերակներուն մասին տրուած տեղեկութիւններուն, կը հաղորդէ, թէ Անի այցելողներու թիւը զգալիօրէն կը բարձրանայ տարուէ տարի։

Անցեալ տարի, հայկական հնաքաղաք այցելած էին 23.730 զբօսաշրջիկներ, իսկ այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին, այդ թիւը արդէն իսկ հասած էր 21.000ի։ Այցելուները կու գան մասնաւորաբար Գերմանիայէն, Հայաստանէն, Վրաստանէն եւ Ճափոնէն։ Տողանայ դիտել տուած է նաեւ, թէ Անին գանձ մըն է, որ պէտք է տեղ գրաւէ աշխարհի ժառանգութեան ցանկին վրայ, եւ աւելցուցած, թէ նախարարութիւնը այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տանի արդէն։