«Ակօս»ի աշխատակից Թովմաս Թէրզիեան, լուսարձակի տակ կ'առնէ Թուրքիոյ առաջին բժշկուհիի՝ տոքթ. Զարուհի Գաւալճեանի կենսագրութիւնը:

Կարգ մը աղբիւրներ իբրեւ Թուրքիոյ առաջին բժշկուհին կը յիշեն տոքթ. Սաֆիյէ Ալի Քրէքէլէրի (1894-1952) անունը, որ բժշկագիտութիւն ուսանած էր 1921-ին Գերմանիոյ Ուիզպուրկ քաղաքը։ Տոքթ. Սաֆիյէ կարելի է առաջին թուրք բժշկուհին համարել, բայց ոչ Թուրքիոյ առաջին բժշկուհին։ Այդ տիտղոսին կ'արժանանայ իրմէ շատ աւելի կանուխ, 1903 թուականին տոքթ. Զարուհի Սերովբէ Գաւալճեանը։ Այս վերջինը ծնած է 1877-ին Բիւթանիա (Ատափազար)։ Հայրը՝ տոքթ. Սերովբէ Գաւալճեան 1875-ին աւարտած է Պոսթոնի բժշկական Ֆաքիւլթէն։ Այդ թուականէն մինչեւ 1915 ծառայած է Ատափազարի եւ Պարտիզակի մէջ։
Գալով Զարուհի Գաւալճեանի, 1898-ին կ'աւարտէ Բիւթանիոյ Ամերիկեան Աղջկանց Գոլէճը եւ բժշկութիւն ուսանելու համար կը ղրկուի Չիքակոյի Իլինոյ համալսարանը, ուրկէ 1903 տարուոյ շրջանաւարտներու ցանկին մէջ իր անունը նշուած է «Գաւալճեան Զարուհի, բժշկուհի, Ատափազարը, Թուրքիա» ձեւով։ Զարուհի Գաւալճեան բժշկագիտական դպրոցը աւարտելէ տարի մը ետք կը վեռադարնայ երկիր, բայց կը հարկադրուի որպէս օգնական հօրը մօտ աշխատիլ, որովհետեւ Ապտիւլհամիտ Բ.-ի օրով արգիլուած էր կիներուն բժշկութիւն ընելը։ Ան միաժամանակ վարած է Ամերիկեան Գոլէճի կենսաբանութեան ուսուցիչի պաշտօն։